ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, «Սի.Պի.Էս».- Չորեքշաբթի, Մայիս 22ին յայտարարուեցաւ, թէ մէկ օր առաջ Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցած ընտրութեանց արդիւնքներուն համաձայն՝ Լոս Անճելըսի նոր քաղաքապետ ընտրուած է Էրիք Կարսեթին՝ խլելով քուէներուն մօտաւորապէս 54 տոկոսը: Անոր մրցակիցը՝ Ուինտի Կրուլը, ապահոված է քուէներուն մօտաւորապէս 46 տոկոսը:
Հակառակ այն իրողութեան, որ քաղաքապետի պաշտօնի թեկնածուները աւելի քան 30 միլիոն տոլար ծախսած էին, քուէարկողներուն համեմատութիւնը ցած եղած է (մօտաւորապէս 20 տոկոսով):
42ամեայ Կարսեթի, որ իր նոր պաշտօնը պիտի ստանձնէ Յուլիս 1ին, պիտի հանդիսանայ հրէական արմատներով Լոս Անճելըսի առաջին քաղաքապետը: Անոր հայրը մեքսիքական եւ իտալական արմատներ ունի: Կարսեթիի հայրը նաեւ Լոս Անճելըսի շրջանային դատախազ եղած է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Multy CONGRATULATIONS!!!