ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հովանաւորութեամբ ՌԱԿի Հայ իրաւանց խորհուրդին, Ուրբաթ, Մայիս 31ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Կլենտէյլի հանրային գրադարանին մէջ (222 E. Harvard St.) տեղի պիտի ունենայ Մինաս Գոճայեանի «Մորմոքող Անցեալի Արահետներով» հատորին գինեձօնը, որուն ընթացքին պիտի ներկայացուի գիրքը եւ պիտի գործադրուի գեղարուեստական յայտագիր մը:
Հատորը կ՛առնչուի Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին՝ դէպի Պատմական Հայաստան կատարուած ուխտագնացութեան:
Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.