
ԹԵՀՐԱՆ.- Կիրակի, Յունիս 2ին, Թեհրանի Միջազգային յարաբերութիւններու համալսարանին մէջ նոյն ճիւղի խումբ մը արտասահմանցի ուսանողներու լսարանին հրաւիրուած էր Իրանի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գրիգոր Առաքելեանը:
Դեսպանին ելոյթը կեդրոնացած էր Իրան-Հայաստան բարի-դրացիական յարաբերութիւններուն վրայ:
Դեսպանը հակիրճ տողերով ներկայացուցած է Հայաստանի աշխարհա-քաղաքական եւ հայ ժողովուրդի պատմական տուեալները, անդրադարձած է Հայաստանի անկախացումէն ետք Իրան-Հայաստան տնտեսա-քաղաքական եւ մշակութային սերտ յարաբերութիւններուն, Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցով Իրանի հաւասարակշռուած դերին մասին եւ կարեւորութեամբ նշած է այն հանգամանքը, որ Իրան առաջին երկիրներէն էր, որ պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը:
Դեսպանը իր ելոյթին ընթացքին նշած է նաեւ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն Իրան դարձաւ այն երկրներէն, որ ընդունեց Ցեղասպանութիւնէն ազատած հայորդիները:
Ան իր արտայայտութիւններուն մէջ կարեւորած է իրանահայութեան դերը՝ Իրան-Հայաստան յարաբերութիւններուն գծով:
Հանդիպման հրաւիրուած էր Իսլամական խորհրդարանին մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան նախկին պատգամաւոր Վարդան Վարդանեանը:
Աւարտին ուսանողները հարցումներ ուղղած են կապուած իրանահայութեան, Իրան-Հայաստան յարաբերութիւններուն եւ Ղարաբաղեան հակամարտութեան, որոնց սպառիչ բացատրութիւններ տրուած են: