ՌՈԶԱՆՆԱ ՈՒԼԻԿԵԱՆ
Կիրակի, 19 Մայիսին, «Անուշ» ճաշարանին մէջ Կլենտէյլի ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղը խորիմաստօրէն արժանաւորեց իր «Մայրերու Տարին», համահունչ հետեւելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի կոնդակին։ Ձեռնարկը ընթացք առաւ ժամը 11ին, երիտասարդ արուեստագէտ, հանրայայտ ջութակահար Ալենի հոգեշունչ զգայնութիւն տարածող երաժշտութեամբ։
Բարձր տրամադրութեամբ, ուրախ սրահին մէջ սեղաններու շուրջ 180 ներկաներ եկած էին տօնելու մեծաշուք Մայրերու տօնը։ Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով ողջոյնի եւ բարի գալուստի խօսք փոխանցեց յանձնախումբի ատենապետուհի Աստղիկ Շիթիլեանը։ Անդրադառնալով Արամ Ա. կաթողիկոսի «Հայ Մօր Տարի» հռչակման կոնդակին՝ Ա. Շիթիլեան արժանաւորեց հայ մայրը, որ օտար ափերու վրայ բազմատեսակ մարտահրաւէրներու դիմաց հանդիսացած է բարոյական նեցուկ եւ պատուար։ Հայ մայրը, պահպանելով ազգային նկարագիրը, փոխանցելով ազգային արժէքները ու միաձուլելով աւանդականն ու այժմէականը՝ կը պահպանէ ազգային դիմագիծը։
Իր երախտագիտութեան խօսքը ուղղելով հայ մայրերուն՝ Աստղիկ Շիթիլեան թուարկեց հայ մօր արժանիքները դրսեւորող յատկանիշներ՝ կորով, հաւատք, սէր, նուիրում ու տեսիլք ապագայի նկատմամբ, ապա յաջորդաբար բեմ հրաւիրեց հանրածանօթ ասմունքող, պատկերասփիւռի «Բարեւ» յայտագիրի պատասխանատու Նունէ Աւետիսեանը, որ Հայ Մայրերու տօնը շնորհաւորելով՝ գնահատանքի խօսքեր ուղղեց ՀՕՄուհիներուն, էական նկատեց անոնց դերակատարութիւնը հայ կեանքին մէջ, ապա ասմունքեց Յովհ. Շիրազի եւ Պ. Սեւակի՝ մայրերուն նուիրուած բանաստեղծութիւններ:
Բեմահարթակը գրաւեցին «Զուարթնոց» պարային համոյթի սաները՝ երկու պարով, ղեկավարութեամբ Վարդան եւ Արմինէ Աղաջանեաններու։
«Սիփան» մասնաճիւղի ատենապետուհի Քրիստին Յովնանեան ողջունեց ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Վիքի Մարաշլեանը, Ազգային վարչութեան ատենապետուհի Ռիմա Պօղոսեանը, ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան անդամ Լիզա Սանթիկեանը եւ Գրասենեակի ընդհանուր տնօրէն Ժասիկ æա-ռահեանը, Ընկերային ծառայութեան գրասենեակի պաշտօնեաները, ՀՅ Դաշնակցութեան «Ահարոնեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Մեքանուշ Մելքոնեանը եւ ներկայ ՀՕՄի ընկերուհիներն ու բարեկամները, ապա շնորհաւորեց Հայ Մօր Տարին եւ կարմիր գիծով շաղկապ մը ստեղծեց Հայ Մայր եւ ՀՕՄուհի կոչումներուն միջեւ, ուր հայ մայրը անսակարկ ոգիով կը ծառայէ թէ՛ իր ընտանիքին, թէ՛ իր ազգին՝ հասնելով իր ժողովուրդի կրթական, բարեսիրական եւ հայրենաշէն նպատակներուն։
Ատենապետուհին իր շնորհակալութիւնը եւ երախտագիտութիւնը յայտնեց ներկաներուն, իրենց ազնիւ ներկայութեան համար եւ սատար հանդիսանալու ՀՕՄի սրբազան գործին։ Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ մասնաճիւղի վարչութեան եւ ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի ընկերուհիներուն։ Ք. Յովնանեան նաեւ շեշտեց, թէ երախտագէտ ըլլալը լա՛ւ բան է, իսկ ազգային գետնի վրայ երկարամեայ ծառայութիւն ունեցող վաստակաշատ անձերը պատուելն ու պարգեւատրելը պարտականութի՛ւն է եւ անհրաժեշտութիւն։
Անդրադառնալով Մայրերու Օրուան տօնակատարութեան՝ Ք. Յովնանեան այդ օրը համարեց ՀՕՄուհիին յատուկ երախտագիտութեան օր՝ ճանչնալու ու գնահատելու համար մայր, մեծ մայր ՀՕՄուհիին արժանիքները, ինչպէս նաեւ՝ ՀՕՄին սատար հանդիսացող հայրն ու ամուսինը, որոնք օրինակելի կերպով իրենց սուղ ժամանակը, լուման եւ քրտինքը կը խառնեն եւ կը գործեն յանուն մեր սիրելի միութեան եւ մասնաճիւղի վերելքին։
Ան նախ գնահատեց Ռիմա Պօղոսեանը, որ ունի ազգային գետնի վրայ երկարամեայ ծառայութիւն. ան 33 տարի, հաւատարմօրէն եւ հմտութեամբ գործօն մասնակցութիւն բերած է ՀՕՄի ծրագիրներու իրագործման մէջ՝ վարելով նախ մասնաճիւղի փոխատենապետի, ապա՝ Շրջանային վարչութեան ատենապետի պաշտօնները։ Ան նուիրական ներկայութիւն ունեցած է նաեւ հայ եկեղեցւոյ ծառայութեան մէջ՝ ըլլալով առաջին կին անդամը Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, իսկ այժմ արժանաւորապէս կը վարէ Ազգային վարչութեան ատենապետի պաշտօնը։
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան հաշուապահ, գրասենեակի տնօրէն Ժասիկ æարահեանը, որպէս ուխտեալ մը՝ հայ ժողովուրդին ծառայելու. ան իր օժանդակութեան ձեռքը մեկնած է դէպի Արցախ-æաւախք՝ իր ծառայութիւնը հաւասարապէս նուիրաբերելով ՀՄԸՄին, Իրանահայ միութեան եւ ՀՕՄին։ Ան մայր է եւ մեծ մայր։
Գնահատանքի արժանացաւ նաեւ ՀՕՄի ժառանգորդներէն Սաթիկ Տէր Յովհաննիսեանը, որ հաւատարիմ իր ուխտին՝ նիւթաբարոյական օժանդակութեամբ սատար կը հանդիսանայ մասնաճիւղի ծրագիրներուն, մասնաւորաբար Շաբաթօրեայ վարժարանի աշխատանքներուն։
Գնահատանքի արժանացաւ նաեւ «Սիփան» մասնաճիւղի հիմնադիր ընկերուհիներէն՝ Շաբաթօրեայ վարժարանի առաջին տնօրէն Շաքէ Գիւմճեան, որ տարիներ շարունակ սիրայօժար վարած է տնօրէնի պարտականութիւնը եւ 38 տարիներ շարունակ, հաւատարիմ իր ուխտին՝ չէ դադրած նիւթաբարոյական իր նպաստը բերելէ ՀՕՄի մարդասիրական նպատակներուն։ Ան եւս մայր է եւ մեծ մայր։
«ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղի վաստակաշատ, ներկայիս մասնաճիւղի փոխատենապետուհի, 37 տարիներու գործօն ընկերուհի Սօնա Գիզիրեանի համար, ՀՕՄը կեանք է, իր արիւնը սնուցանող աղբիւր». այսպէս բնութագրեց Ք. Յովնանեան, ապա շարունակեց ըսելով, թէ Սօնա Գիզիրեան քանիցս մաս կազմած է մասնաճիւղի ինչպէս եւ Շրջանային վարչութեանց կազմին։ Հաւատաւոր ՀՕՄուհի մը, մայր եւ մեծ մայր է, եւ իր մայրական հոգածութեան յանձնուած է Շաբաթօրեայ վարժարանի վերահսկողութիւնը։
Ատենապետուհին անդրադառնալով ՀՕՄին սատար հանդիսացող ամուսիններուն եւս՝ իբրեւ լաւագոյն օրինակ բեմ հրաւիրեց Հրայր Թեճիրեանը, որ երբեք չէ զլացած իր նիւթաբարոյական օժանդակութիւնը եւ կամաւոր աշխատանքով նեցուկ կանգնած է այս կազմակերպութեան։ Ան նաեւ եկեղեցւոյ հաւատաւոր զաւակն է, Համազգայինի «Յովհ. Թումանեան» մասնաճիւղի վարչութեան անդամ, հայր եւ մեծ հայր։
Քրիստին Յովնանեան վեց նուիրեալները արժանաւորապէս բնութագրելէ ետք հրաւիրեց Աստղիկ Շիթիլեանը՝ Պատուոյ գնահատագիրներու տուչութիւնը կատարելու։
Հաճելին օգտաշատին հետ համատեղելով՝ կէսօրուան ճաշի հիւրասիրութենէն ետք մթնոլորտը խանդավառեց հանրածանօթ ժողովրդային երգիչ Գագիկ Պետէլեանը։