ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Անգլիական «Լիվըրփուլ»ի կայքէջը մամուլին ճամբով հրապարակած է տեղեկութիւններ այն մասին, որ ակումբը հետաքրքրուած է Հայաստանի ազգային հաւաքականի եւ Դոնեցկի «Շախտէօր»ի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեանի ծառայութիւններով: Կայքէջին մէջ նշուած է, որ ակումբը պատրաստ է 20 միլիոն փաունտ ստերլինկէն աւելի վճարելու՝ յարձակողական ոճի հայազգի կիսապաշտպանը իրենց խումբին միացնելու համար, դիտել տալով, որ Ուքրանիոյ ախոյեանութիւններուն ան եղած է 25 կոլի հեղինակ։
Լուրին աւարտին նշուած է, որ այս փափաքը անպայման կրնայ չհամընկնիլ ակումբի պաշտօնական դիրքորոշման հետ, բայց եւ այնպէս արդէն վերջին շրջանին տարբեր առիթներով նկատելի եղաւ, որ ակումբը հետաքրքրուած է Մխիթարեանով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.