ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երկուշաբթի, 3 Յունիսի կէսօրէն ետք, Արամ Ա. կաթողիկոս, շրջապատուած լիբանանահայ պետական նախարարներով ու երեսփոխաններով, ընդունեց այցելութիւնը Ռումանիոյ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Վարուժան Ոսկանեանին:
Յայտնենք, որ նախարար Ոսկանեան շուրջ հինգ տարիներ առաջ դարձեալ այցելած էր Անթիլիաս եւ այդ առիթով որպէս գնահատանք իր մտաւորական ու պետական գործունէութեան, վեհափառ հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ասպետի կարգի շքանշանով պատուած էր զինք:
Շուրջ երկու ժամ տեւող հանդիպումը առիթ մը եղաւ լայնօրէն քննարկելու Ռումանիոյ հայութեան, Լիբանանի այժմու կացութեան, Լիբանան-Ռումանիա տնտեսական գործակցութեան, Լիբանանի հայութեան, Հայ Դատին ու Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան հետ աղերս ունեցող շարք մը հարցեր:
Վեհափառը իր մօտեցումները պարզելով յատկապէս հայոց ցեղասպանութեան 100ամեակի նշման գծով, շեշտեց սովորական հանդիսութիւններէ դուրս գալու ու համահայկական մաշտապով մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու պահանջը քաղաքական ու իրաւական երեսներով միջազգային հանրութեան ներկայացնելու անհրաժեշտութիւնը:
Լիբանանահայ երեսփոխաններ ու նախարարներ իրենց կարգին անդրադարձան Լիբանանի դիմագրաւած այժմու դժուարութիւններուն ու խօսեցան Ռումանիոյ ու Լիբանանի միջեւ տնտեսական յարաբերութիւնները զարգացնելու կարելիութիւններուն մասին:
Նախարար Ոսկանեան յայտնեց իր ջերմ ուրախութիւնը, որ դարձեալ կը գտնուի Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ եւ կ՛իմանայ վեհափառ հայրապետին տեսակէտները հայ ժողովուրդը յուզող հարցերուն շուրջ:
Իր կարգին, նախարարը եւս ընդգծեց ցեղասպանութեան 100ամեակը առաւելագոյն չափով օգտագործելու կարեւորութիւնը: Ան նաեւ ներկաները տեղեակ պահեց Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին հետ իր ունեցած հանդիպման մասին, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւններ փոխանցեց ընդհանրապէս Ռումանիոյ եւ մասնաւորաբար Ռումանահայ գաղութին մասին:
Հանդիպման աւարտին, նախարար Ոսկանեան այցելեց Նահատակաց յուշարձանը եւ իր յարգանքը մատուցեց մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.