ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ», «Երկիր».– Ազատութեան հրապարակին վրայ իրենց ընկերային-տնտեսական խնդիրները հոգալու պահանջով ցոյց կատարող ազատամարտիկները՝ պահեստի գնդապետ Վոլոդեա Աւետիսեանի գլխաւորութեամբ, 6 Յունիսին ուղղուած են Հանրապետութեան հրապարակ՝ դէպի կառավարութեան շէնք, ուր կառավարութեան նիստ գումարած էր։ Անոնք կ՛ակնկալէին, որ կառավարութիւնը իրենց հարցը քննարկէ։
Կառավարութեան շէնքին առջեւ ազատամարտիկները իրենց պահանջները ներկայացնելով՝ կոչ կ՛ուղղէին սպաներուն, զինուորներուն եւ հայրենասէր մարդոց՝ իրենց միանալու: Անոնք կը վանկատէին՝ «պա-տաս-խան, պա-տաս-խան», ռազմահայրենասիրական արտայայտութիւններով ու ազատամարտիկներուն արժանապատիւ կեանք շնորհելու կարգախօսներով հանդէս կու գային:
«Մենք այլեւս ի վիճակի չենք ապրել, քանի որ գոյատեւում ենք, ու արդէն դանակը հասաւ ոսկորին՝ կոպիտ ասած: Որոշեցինք, որ այսպէս անտեսուած մնալն այլեւս անհնար է: Ու քանի որ այս դրօշները, որ կան, մեր շնորհիւ է, այսօր որ այս տօները հանրապետութիւնում նշւում են՝ շքեղօրէն, այդ բոլորը մեր շնորհիւ է, բայց այսօր մենք լիովին անտեսուած ենք:
«Մեզ չեն յիշում, տեղ չեն տալիս: Երէկ հեռուստատեսութեամբ նայեցի, որ ուզում են հրապարակի ասֆալտը փոխել. այդքան փող ունեն արդէն, որ մեր մասին մոռացել են ու ընկել են ասֆալտների յետեւից: Ամէն ինչի համար փող կարողանում են ստեղծել, մեզ համար ո՞չ: Դա իրենց խնդիրն է՝ որտեղից ուզում են, թող ստեղծեն ու մեր սոցիալական խնդիրներն ապահովեն:
«Եւ կայ այսպիսի մի հարց էլ՝ նախարարը, որ դէմ կը լինի, որ փաթեթը ներկայացուի կառավարութեանը, պահանջելու ենք իր հրաժարականը:
«Մերը զուտ սոցիալական հարցեր են, մենք ո՛չ քաղաքականութեան հետ կապ ունենք, ո՛չ էլ ինչ որ կուսակցութեան շահերն ենք պաշտպանում», լրագրողներուն յայտնած է բողոքի ցոյցի կազմակերպիչներէն ազատամարտիկ Իշխան Սարգսեանը:
Որոշ ժամանակ ետք կառավարութեան նամակներու ու դիմումներու բաժնի պետ Ալեքսանդր Ղազարեան վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի անունով ազատամարտիկ Վոլոդեա Աւետիսեանին փոխանցած է, որ Տիգրան Սարգսեան կ՛առաջարկէ 3-4 հոգիով 7 Յունիսին հանդիպում ունենալ իրեն հետ. բողոքի ցոյցի կազմակերպիչը՝ Վոլոդեա Աւետիսեանը համաձայն գտնուած է:
Բայց եւ այնպէս ոմանք անհաւատութեամբ մօտեցած են վարչապետին հետ հանդիպումին արդիւնաւէտութեան։ Բայց եւ այնպէս քանի մը վայրկեան եւս կառավարութեան շէնքին առջեւ մնալէ ետք ազատամարտիկները ուղղուած են Ազատութեան հրապարակ, որպէսզի հոն որոշեն իրենց յառաջիկայ քայլերը։
Ազատամարտիկները նշեցին, որ իրենք իրենց մահը տեսած են, իսկ այսօր ոչինչէ կը վախնան ու պիտի պայքարին մինչեւ հասնին իրենց պահանջներու ամբողջական իրականացման։
Նշենք, որ իրենց պահանջները պաշտպանելու նպատակով ազատամարտիկները Ազատութեան հրապարակին մէջ ստորագրահաւաք կազմակերպած են։ «Թերթ»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին մասնակիցներէն մէկը նշած է, որ բազմաթիւ ստորագրողները ոչ միայն ազատամարտիկներ են, այլ նաեւ հասարակ քաղաքացիներ:
Ազատամարտիկներուն միացած է նաեւ «Կարին» երգի-պարի համոյթի հիմնադիր, նախկին ազատամարտիկ Գագիկ Գինոսեանը, որ «Թերթ»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է. «Եթէ երկրի արժանապատուութիւնը ձեռք բերողները այսօր արժանապատուութիւն են պահանջում, դա նշանակում է, որ մեր երկրում լուրջ խնդիրներ կան»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.