ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Ատրպէյճանական բանակը անցեալ շաբթուան ընթացքին երկու անգամ փորձած է թափանցել հայկական սահմանները՝ «հետախուզական» նպատակներով: Երկու պարագային ալ, ինչպէս անցեալին, այս փորձերը ձախողած են եւ թշնամին ետ շպրտուած է:
Ատրպէյճանական բանակի խափանարարական նման փորձեր անցեալին ալ պատահած են: Այդ ձախողած փորձերուն մասին յաճախ տեղեկագրութիւն չըլլար՝ սահմանային հերթական բախումներու ցանկին վրայ անցնելով:
Սակայն, նկատի առնելով, որ այս մէկ շաբթուան ընթացքին տեղեկագրուած են երկու փորձեր, ատիկա կրնայ նշանակել, որ ասոնք սովորական տարողութենէ տարբեր են, աւելի՛ վտանգաւոր եւ աւելի՛ սպառնալի:
Չենք բացառեր, որ հայկական կողմի այս հրապարակումը նաեւ զգուշացման նպատակ կը հետապնդէ:
Այսուհանդերձ, ատրպէյճանական եւ հայկական քաղաքական որոշ զարգացումներ մեզ լրջօրէն կը մտահոգեն, եւ բնականաբար, պատերազմի վերսկսման մղձաւանջով կը սկսինք տագնապելու:
Նախ՝ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, անցնող օրերուն կը գումարուին Ազգային անվտանգութեան խորհուրդներու ժողովներ, որոնց օրակարգին մէկ կարեւոր մասը վստահաբար խորհրդապահական կը մնայ: Սակայն, փաստը կը մնայ փաստ, թէ երկու հանրապետութիւններու ղեկավարները մտահոգուելու բաւարար հիմքեր ունեցած են՝ անվտանգութեան մարմինի ժողովներ հրաւիրելիու համար:
Երկրորդ՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի շրջանակներէն դուրս կու գայ լուր, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները շուտով պիտի հանդիպին, լուր մը որ անմիջապէս կը հերքուի. հանդիպման ձախողութեան գլխաւոր պատասխանատուն կը նկատուի Ատրպէյճանը, որուն մերժողական այս կեցուածքը կը համընկնի վերջերս յաճախ կրկնուող ատրպէյճանական յայտարարութիւններու ոճին ու ոգիին, որոնք Մինսկի խումբի բանակցութիւնները ընդհանրապէս խնդրոյ առարկայ կը դարձնեն:
Երրորդ՝ Իլհամ Ալիեւ ամէն գնով վերստին նախագահ դառնալու իր մոլուցքէն գինովցած՝ կը ճնշէ ատրպէյճանական ընդդիմութիւնը, կը հալածէ լրագրողները եւ Ղարաբաղին վերատիրանալու բոցաշունչ ճառեր կը խօսի: Եթէ նեղը իյնայ, վստահ ենք, որ բանակն ալ շարժելու պատրաստ պիտի ըլլայ: Պատերազմի սպառնալիքը, այսպէս կամ այնպէս, Ալիեւի ձեռքը զէնք է ընդդէմ Արեւմտեան աշխարհին, որ վերջինս դադրեցնէ իր նոյնիսկ մեղմիկ քննադատութիւնները ազերի բռնատէրի սանձարձակութիւններուն մասին:
Յագեցած զինավառութիւնը եւ թուրք-իսրայէլեան ռազմական յայտնի ու գաղտնի համագործակցութեան տուած ինքնավստահութիւնն ալ եթէ գումարենք այս բոլորին, ապա պատերազմի հաւանականութիւնը շատ աւելի մեծ նկատելու հիմքերը կը զօրանան: