ԿԱԶԱ, «Ռոյթըրզ».- Կազայի պաղեստինեան կառավարութեան մէջ գերիներու հարցերով նախարար Աթալլա Ապու Սապահ յայտնեց, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի Կազա այցելութիւնը՝ Կազայի կառավարութեան դէմ հաստատուած «քաղաքական շրջափակման խզումին պէս պիտի ըլլայ, ինչպէս նաեւ պիտի ամրապնդէ դիմադրութիւնը եւ պաղեստինցի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը»:
Ապու Սապահ նշեց, որ այն պնդումը, թէ Իսրայէլ Կազայի շրջափակումը վերացուց՝ «ճիշդ չէ, եւ Էրտողան իր այցելութեան ընթացքին Կազայի դէմ հաստատուած Իսրայէլի օդային, ծովային եւ ցամաքային շրջափակման տգեղ երեսը պիտի տեսնէ»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.