ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Արմաւիրի մարզին մէջ 12 Մայիսի կարկուտէն տուժած գիւղացիներուն օգնութեան հիմնադրամին մէջ 11 Յունիսի դրութեամբ հաւաքուած է 51 միլիոն դրամ: Հայաստանի Ազգային Ժողովի նիստին այս մասին յայտարարած է պատգամաւոր Ալեքսան Պետրոսեանը:
Անոր համաձայն, գումարներու հաւաքագրման մասնակցած են թէ պատգամաւորները, եւ թէ՛ կառավարութեան անդամները: Մեծագոյն ներդրումը կատարած է Հայաստանի ոստիկանութիւնը՝ 20 միլիոն դրամ։ Հայաստանի Ազգային Ժողովը փոխանցած է 6 միլիոն դրամ, Կեդրոնական դրամատունը՝ 10 միլիոն դրամ:
Ըստ Ա. Պետրոսեանին, վնասի իրական չափը 25 միլիառ դրամ է: Հաւաքուած գումարները գիւղացիներուն պէտք է հասնին մինչեւ 1 Օգոստոս։
Ա. Պետրոսեան կոչ ուղղեց հանրապետութեան բնակիչներուն՝ աւելի աշխոյժ կերպով մասնակցելու տուժած շրջաններու օգնութեան հիմնադրամներուն, քանի որ նման իրավիճակներ կը ստեղծուին նաեւ այլ մարզերու մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.