
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Թուրքիոյ Եքսեկովա շրջանի Էսենտերէ բնակավայրի Ետիվերեն գիւղին մէջ կը շարունակէ գոյատեւել 1600ամեայ հայկական եկեղեցին: Կառուցումէն ետք եկեղեցին շրջապատուած է քարէ պարիսպներով, որոնց շնորհիւ, անիկա մինչ այսօր կանգուն կը մնայ: Եկեղեցին ունի ծիսական արարողութիւններու, հոգեւոր սպասաւորներու համար առանձին սրահներ, ինչպէս նաեւ հարսանեկան արարողութիւններու համար նախատեսուած երեք անջատ սենեակներ: Եկեղեցիէն ոչ հեռու վայրի մը մէջ կայ ջրվէժ մը, իսկ ջրվէժի եւ եկեղեցւոյ միջեւ կայ նաեւ քարանձաւ մը, որուն մուտքի պատերը զարդանախշուած են խաչով, զանազան կենդանակերպ նկարներով եւ այլ նշաններով:
Թրքական «ՀապերFX» կայքը կը տեղեկացնէ, որ 1915 թուականին այդ եկեղեցին լքուած է, իսկ եկեղեցւոյ 150 քլկ.նոց զանգը գողցուած է: Եկեղեցւոյ մօտակայքը հայերու բնակատեղի հանդիսացած Պազիրկէ գիւղի բնակիչներէն մաս մը գաղթած է Իրան, իսկ միւս մասը՝ Ռուսիա: Գիւղը աստիճանաբար ոչնչացուած է, իսկ աւելի ուշ, դրացի գիւղի բնակիչներուն կողմէ օգտագործուած է իբրեւ արօտավայր:
1980ի Սեպտեմբեր 12ի պետական յեղաշրջումէն ետք, Թուրքիոյ շատ վայրերու մէջ ոչնչացուած են պատմամշակութային եկեղեցիներ ու յուշարձաններ: Յիշեալ եկեղեցին կանգուն մնացած է, որովհետեւ գիւղը թիւրամատչելի չէ: Գիւղի բնակիչներէն Իսլամ Եմեն կ՛ըսէ, որ իրենց բնակավայրը պատմամշակութային կոթողներով հարուստ տարածք է, զոր կերտած են հայերը: Ան հայերուն կոչ կ՛ընէ վերադառնալու եւ տէր կանգնելու իրենց կոթողներուն: Ան կը տեղեկացնէ նաեւ, որ իրենք իրենց կարելիութեան սահմաններուն մէջ կը պահպանեն եկեղեցին, սակայն անիկա նորոգուելու կարիք ունի: Ըստ Եմենի՝ եթէ եկեղեցին նորոգուի, ապա պիտի նպաստէ զբօսաշրջութեան զարգացման: