
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ֆրանսա գտնուող Արցախի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան Չորեքշաբթի, Յունիս 12ին հանդիպում մը ունեցած է Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի անդամներուն հետ ու քննարկած անոր գործունէութեան ուղղութիւնները եւ բնագաւառները: Մասնաւորապէս, անդրադարձ կատարուած է քաղաքական, կրթական, մշակութային ոլորտներու մէջ Ֆրանսայի եւ Արցախի միջեւ համագործակցութեան հեռանկարներուն եւ հնարաւորութիւններուն:
ԼՂՀ արտաքին գործոց նախա-րարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը յայտնէ, որ հանդիպման ներկայ խորհրդարանականները ընդգծած են միջազգային գործընթացներու մէջ Լեռնային Ղարաբաղի ընդգրկման կարեւորութիւնը, որպէս հիմնահարցի կարգաւորման եւ տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան հաստատման կարեւորագոյն գործօն:
Նոյն օրը, նախարար Կարէն Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է ֆրանսական քաղաքագիտական շրջանակներու ներկայացուցիչներու հետ:
«Պետականաշինութիւնը միջազգային ճանաչման բացակայութեան պայմաններուն մէջ. Լեռնային Ղարաբաղի օրինակը» խորագրեալ հանդիպման ընթացքին, նախարարը խօսած է Ատրպէյճանի եւ Ղարաբաղի միջեւ հակամարտութեան, ինչպէս նաեւ Արցախի ներկայ իրավիճակին, խնդիրներուն եւ ձեռքբերումներուն մասին: Կարէն Միրզոյեան նաեւ պատասխանած է ներկաներու հարցումներուն:
Նախարարը հանդիպում ունեցած է նաեւ Ֆրանսայի հայ մամուլի ներկայացուցիչներուն հետ եւ հարցազրոյցներ տուած է ֆրանսական լրատուամիջոցներու, որոնց շարքին՝ «France 24» պատկերասփիւռի կայանին: