
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Մայք Անթոնովիչ որոշած է նեցուկ կանգնիլ Փասատինայի Քաղաքային համալսարանի հոգաբարձական կազմին իր թեկնածութիւնը դրած Ալեքս Քելեճեանի ընտրապայքարին:
Անթոնովիչ յայտարարած է, թէ այս որոշումը տուած է՝ հիմնուելով իր այն համոզումին վրայ, որ Ալեքս Քելեճեան կարողութիւն ունի համալսարանի ուսանողներուն կրթական փորձառութիւնը բարելաւելու:
Ալեքս Քելեճեան իրեն համար պատիւ մը նկատեց Անթոնովիչի սոյն որոշումը՝ ըսելով, թէ «խոր յարգանք ունի վերահսկիչ Անթոնովիչի նկատմամբ»:
Քելեճեանի ընտրապայքարին նեցուկ կը կանգնին նաեւ շարք մը այլ քաղաքական գործիչներ, որոնց շարքին՝ Քալիֆորնիոյ նախկին նահանգապետ Ճորճ Տէօքմէճեան ու Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի փոքրամասնութեան ղեկավար Քանի Քանուէյ:
Ալեքս Քելեճեանի ընտրապայքարին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.alexforpcc.com կայքը: Ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Նոյեմբեր 5ին: