
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, ՊՈԼԻՍ, «Էյ.Փի.», «Մարմարա».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի մերժեց թրքական մամուլին մէջ հրապարակուած այն լուրերը, թէ՝ ամերիկացի քաղաքացիներ Թուրքիոյ իրադարձութեանց մէջ դերակատարութիւն ունին:
«Կտրուկ կերպով կը մերժենք այն ամբաստանութիւնները, թէ ամերիկեան խմբաւորումներ կամ անհատներ պատասխանատու են եւ կամ անոնք հրահրած են Թուրքիոյ բողոքի ցոյցերը», ըսաւ ան եւ նշեց, որ շաբաթավերջին տեղեկութիւններ հրապարակուեցան այն մասին, թէ բժիշկներ, որոնք վիրաւոր ցուցարարներ դարմանած են, հետապնդումի կ՛ենթարկուին՝ աւելցնելով, որ «բոլոր այդ տեղեկութիւնները մեծապէս մտահոգիչ են, եւ մենք անոնց հետեւելու աշխատանքին վրայ կեդրոնացած ենք: Մենք անշուշտ կը դատապարտենք այս պարագաներուն ոեւէ մէկուն կողմէ անհամաչափ ուժի օգտագործումը»:
Միւս կողմէ, Չորեքշաբթի օր Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը Անգարայի «Քենետի» թաղամասին մէջ բախում մը ունեցաւ ցուցարարներու հետ եւ յաջողեցաւ ցրուել ցոյցը: Ոստիկանութիւնը նաեւ բռնի ուժով ցրուեց Անգարայի «Քիւժլիւ» այգիին մէջ նստացոյց կատարողները:
Նաեւ, «Տողան» լրատու գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Երեքշաբթիէն Չորեքշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին, ոստիկանութիւնը դարձեալ բռնի ուժի եւ արցունքաբեր նիւթերու դիմած է՝ ցրուելու համար հիւսիսային Թուրքիոյ Էսքիշեհիր քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ցոյց մը, որուն կը մասնակցէին մօտաւորապէս 5000 ցուցարարներ:
Պոլսոյ մէջ, քաղաքական բողոքի նոր ձեւ մը որդեգրուած է՝ հրապարակին վրայ անշարժ կանգնիլ: «Կեզի» հանրապարտէզը պաշտպանողներու նման նոր «շարժում» մը ստեղծելու պատիւը կը պատկանի Էրտեմ Կիւնտիւչ անունով արուեստագէտի մը, որ նախընթաց օրը Թաքսիմի հրապարակին վրայ անշարժ կեցաւ՝ իր ակնարկը սեւեռելով Աթաթիւրքի նկարին ու թրքական երկու դրօշակներու ուղղութեամբ: Անոր նպատակն էր այդպէս անշարժ կանգնած մնալ ամիս մը, բայց աւելի ուշ ստիպուեցաւ հեռանալու, սակայն անոր օրինակին հետեւեցան ուրիշներ: Ոստիկանները նախ փորձեցին խանգարել անշարժ կանգնողները, բայց ապա հրաժարեցան։ Նման ցոյց կատարողներէն ոմանք գիրք կը կարդային, իսկ ուրիշներ արձանացած կը կանգնէին։
Թաքսիմի տագնապը ծանր վնասներ պատճառած է Պոլսոյ շարք մը թաղերու խանութպաններուն եւ ճաշարաններուն: Անոնց մէկ ներկայացուցիչին համաձայն՝ այս տագնապէն վնասուեցան մօտաւորապէս 50 հազար խանութպաններ, որովհետեւ շրջանը վախազդու վայր դարձած է զբօսաշրջիկներու համար։