ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Վերանորոգուած եւ վերագործածուելու ատակ դարձուած են Երեւանի բոլոր 2200 ցայտաղբիւրները, որոնք ոչ միայն անցորդներուն ծարաւը կը յագեցնեն, այլ կը հանդիսանան երեւանեան մթնոլորտի իւրայատուկ խորհրդանիշները՝ անկէ ջուր խմողը աւելի եւս Հայաստանին կապող։
Քաղաքապետարանի մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, որ ցայտաղբիւրներու վերանորոգութեան նպատակով հաշուըւած են կեդրոնական, երկրորդական փողոցներու, այգիներու ու պուրակներու ցայտաղբիւրները, ինչ որ կարելիութիւն տուած է ընդհանուր բարեկարգման ծրագիրով պատշաճ տեսքի բերել տարիներ շարունակ անուշադրութեան մատնուած, ինչպէս նաեւ իրենց նպատակային նշանակութիւնը կորսնցուցած այդ կառոյցները:
Երեւանի զարգացման պարունակին մէջ, քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի յանձնարարութեամբ, ցայտաղբիւրներու ընդհանուր բարեկարգման ծրագիրին մէջ ներառուած են նաեւ բակային տարածքները: Ծրագիրին համաձայն, բացի բակային տարածքներու մէջ առկայ ցայտաղբիւրներու վերանորոգութենէն, նորակառոյց այգիներուն, պուրակներուն եւ բակերուն մէջ տեղադրուած են նաեւ 8 նոր ցայտաղբիւրներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.