
Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել սուրիական ընդդիմութեան զէնքի մատակարարման հետեւանքներէն զգուշացուց:
Ան Գերմանիոյ խորհրդարանին առջեւ իր արտասանած խօսքին ընթացքին յայտնեց, որ «մենք կը հասկնանք, թէ Բրիտանիա, Ֆրանսա եւ Միացեալ Նահանգներ ինչո՛ւ կը մտածեն զէնք ուղարկել Սուրիոյ ընդդիմադիր կարգ մը խմբակցութիւններու, որոնք սուրիական կառավարութեան ուժերուն եւ Հըզպալլայի կողմէ բուռն դիմադրութիւն կը դիմակայեն»՝ աւելցնելով, որ «այդ քայլէն բխելիք վտանգները կարելի չէ սահմանափակել»:
Նշենք, որ երէկ Դամասկոսի քրիստոնեաներով բնակուած Պապ Թումա թաղամասին մէջ յոյն ուղղափառներու Մարիամիյէ եկեղեցւոյ մօտ պայթում մը 4 զոհ եւ շարք մը վիրաւորներ պատճառեց: