– «Տէյլի Թելեկրաֆ» թերթը կը հաղորդէ, որ Ուսամա պըն Լատեն Փաքիստանի մէջ թաքնուած միջոցին, իր երկու թիկնապահներուն հետ յաճախ կ՛այցելէր տեղական շուկան: Առիթով մը, ոստիկանութիւնը կանգնեցուցած է անոր ինքնաշարժը, սակայն թիկնապահները յաջողած են արագութեան ճշդուած սահմանը գերազանցելու համար ճշդուած տուգանքէն փրկուիլ՝ կաշառքի միջոցով, իսկ ոստիկանները չեն անդրադարձած, որ պըն Լատեն ինքնաշարժին մէջն է:
– 1980էն ի վեր, Քալիֆորնիոյ նահանգային իշխանութիւնները 13 տոկոսով նուազեցուցած են հանրային համալսարաններուն տրամադրուող գումարները: Նոյն ժամանակահատուածին մէջ, բանտերու տրամադրուող գումարները 436 տոկոսով աճած են:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.