Երեքշաբթի, Յուլիսի 9ին Հռոմի մօտ ՀՀ դեսպանութեան հովանիին տակ տեղի ունեցաւ «Իտալական ձեռնարկութիւնների զարգացման հնարաւորութիւնները Հայաստանում» խորագիրով գործարար համաժողովը:
Համաժողովին, որուն կազմակերպիչներն էին Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը, «Global Business Services» իտալական կազմակերպութիւնը եւ Զարգացման հայկական գործակալութիւնը, մասնակցեցան զբօսաշրջութեան, դեղագործութեան, հաստոցաշինութեան, ապահովագրութեան, սնունդի վերամշակման, փոստային ծառայութիւններու, կահոյքագործութեան ոլորտներուն մէջ ներգրաւուած շուրջ 60 իտալական ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ:
Համաժողովի մասնակիցներուն ներկայացուեցան Հայաստանի առեւտրական միջավայրը, Հայաստանի արտածում-ներմուծումի ցուցանիշները եւ հիմնական ոլորտները, ներդրումներու խրախուսման ուղղուած պետութեան հարկային եւ մաքսային քաղաքականութիւնը, գործառնութեանց զարգացման եւ ներդրումներու համար նպաստաւոր միջավայր ստեղծելու նպատակով կատարելագործուող իրաւական դաշտը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ ստեղծուած ազատ առեւուտրի գօտիներու շրջագիծին մէջ առեւտուրի զարգացման հնարաւորութիւնները:
Համաժողովին ընթացքին մասնակիցները տեղեկացուեցան հայաստանցի գործարարներու հետ անմիջական կապեր հաստատելու նպատակով «Global Business Services» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ անցած տարուան Սեպտեմբերին մեկնարկած իտալացի գործարարներու՝ Հայաստան մէջ կազմակերպուող պարբերական առեւտրական առաքելութիւններու մասին:
Իր խօսքին մէջ Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Սարգիս Ղազարեան անդրադարձաւ հայ-իտալական տնտեսական յարաբերութիւններուն մէջ վերջին տարիներուն արձանագրուած առաջընթացին, Հայաստանի կառավարութեան կողմէ իրականացուող տնտեսական բարեփոխումներուն՝ ընդգծելով միջազգային տնտեսական եւ վարկանշային հեղինակաւոր հաստատութիւններու եւ կազմակերպութիւններու կողմէ Հայաստանին տրուող գնահատականներու դրական աշխուժութեան:
ՀՀ դեսպանը նաեւ կարեւորեց ԵՄի հետ Հայաստանի համագործակցութեան յետագայ խորացումը, անդրադարձաւ Զուգորդուած համաձայնագիրի, ներառեալ՝ Խոր եւ համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտիի մը շուրջ վարուող բանակցային գործընթացի աւարտական փուլին, ընդգծեց, որ համաձայնագիրը լայն հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ նաեւ հայ-իտալական տնտեսական յարաբերութիւններու յետագայ զարգացման համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.