ԵՐԵՒԱՆ, «Ռադիօլուր».– Կառավարութիւնը 18 Յուլիսի իր նիստին հաստատած է, որ Հայաստանի մէջ առաջին Ազատ տնտեսական գօտին պիտի սկսի գործելու 1 Օգոստոսէն սկսեալ: Այդ տարածքներուն մէջ ազատ տնտեսական գործունէութիւն կը ծաւալեն տարբեր ոլորտներու ընկերութիւններ: Ասիկա այն քայլն էր, որ ծրագրուած է երկար տարիներէ ի վեր։ «ՌԱՕ ՄԱՐՍ» եւ «Երեւանի մաթեմատիկական մեքենաների գիտահետազօտական ինստիտուտ» ընկերութիւններու տարածքներուն մէջ պիտի ստեղծուին ազատ տնտեսական գօտիներ: Հոն ազատ տնտեսական գործունէութիւն կը ծաւալեն ելեկտրոնային, ճշգրիտ երկրաչափական, դեղագործութեան, տեղեկատուական արհեստագիտական, այլընտրանքային ուժանիւթի, արտադրական ձեւագծութեան եւ հեռահաղորդակցութեան ոլորտներու ընկերութիւնները: Այստեղ տարածքները պիտի վարձուին՝ 1 քիլոմեթրը 10 տոլար ամսավճարով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.