ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– «Արեւելեան գործընկերութեան Վարշաւայի գագաթնաժողովից անցած երկու տարիների ընթացքում զգալի առաջընթաց է գրանցուել համագործակցութեան բոլոր հիմնական ոլորտներում՝ Ասոցացման համաձայնագրի, մարդկանց շարժունակութեան, Մուտքի արտօնագրերի դիւրացման եւ Ռէադմիսիայի համաձայնագրերի բանակցութիւնների»: 22 Յուլիսին Պրիւքսէլի մէջ կայացած ԵՄ եւ Արեւելեան գործընկերութեան արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման այս յայտարարութիւնը կատարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը:
Հանդիպումին ներկայ եղած են ԵՄ Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն ներկայացուցիչ Քեթրին Էշթընը, Եւրոպական Միութեան ընդլայնման եւ դրացնութեան քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէն:
Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ գրասենեակէն յայտնած են, որ հանդիպման մասնակիցները քննարկած են Նոյեմբերին Վիլնիւսի մէջ կայանալիք Արեւելեան գործընկերութեան երրորդ գագաթնաժողովի նախապատրաստական աշխատանքները, միտքեր փոխանակած են Արեւելեան գործընկերութեան ծիրին մէջ ընթացող բանակցային գործընթացներուն մէջ արձանագրուած յառաջընթացին շուրջ:
Նալբանդեան կարեւոր նկատած է Արեւելեան գործընկերութեան ծիրին մէջ իրականացուող համագործակցութիւնը՝ ի գործ դրուող բարեփոխումներու խթանման համար: Ան շեշտած է, որ միջազգային կառոյցներու վերջին զեկոյցները արձանագրած են Հայաստանի յառաջընթացը տարբեր ոլորտներու մէջ, ինչպէս՝ ժողովրդավարութիւն, խօսքի ազատութիւն, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւն, օրէնքի գերակայութիւն, արդիւնաւէտ կառավարում եւ այլն:
Էդուարդ Նալբանդեան նշած է, որ Երեւանի մէջ 12-13 Սեպտեմբերին կայանալիք Արեւելեան գործընկերութեան արտաքին գործոց նախարարներու ոչ պաշտօնական հանդիպման զուգահեռ տեղի պիտի ունենայ կրթութեան բնագաւառին նուիրուած բարձր մակարդակի հանդիպում:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.