Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին, Այնճարի Պատանեկան միութիւններու բանակավայրին մէջ, պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ կրտսեր պատանիներու տարեկան հինգօրեայ բանակումին:
Բանակումը առիթ կու տայ պատանիներուն բնութեան մէջ կազդուրուելու, աշխուժանալու եւ լիցքաւորուելու նորանոր գիտելիքներով ու պաշարով:
Այս բանակումը կը կրէր ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան միութիւններու հիմնադրութեան 90ամեակի թեման, որուն մասին բացման արարողութեան ընթացքին խօսք առաւ պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինի անդամ Սագօ Արապօղլեան եւ բանակող պատանիներուն փոխանցեց 90ամեակի պատգամն ու խորհուրդը՝ անոնց մաղթելով յաջող եւ ուրախ բանակում մը:
Սագօ Արապօղլեան իր խօսքը եզրափակեց կոչ ուղղելով պատանիներուն՝ այս բանակումին ընթացքին իրենց լաւագոյնը կատարելու եւ առաւելագոյն չափով օգտուելու իրենց մատուցուած գիտելիքներէն ու տարբեր տեսակի աշխատանքներէն:
ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան միութիւններու կրտսեր պատանիներու 2013ի տարեկան բանակումին կը մասնակցէին 84 պատանիներ, որոնք բաժնուած էին չորս խումբերու:
Խումբերը կը կրէին Լիբանանի մէջ նահատակուած դաշնակցական ղեկավարներու անունները՝ «Սարգիս Ազնաւուրեան», «Սարգիս Զէյթլեան», «Աբօ Աշճեան» եւ «Զաւէն Թաշճեան», իսկ չորս խումբերուն մաս կազմող պատանիները կը կրէին չորս գոյնի «թի-շըրթ-ներ՝ կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն եւ ճերմակ:
Կրտսեր պատանիներու բանակումին ընթացքին տիրեց խանդավառ մթնոլորտ եւ կարգապահութիւն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.