ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Սուրիահայերուն օգնութիւն ցուցաբերելու նպատակով թիֆլիսահայ համայնքին կողմէ հանգանակուած ողջ գումարը փոխանցուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինին: Վիրահայոց թեմի մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, որ Թիֆլիսի մէջ շարք մը հայկական ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ՝ արձագանգելով ծանր կացութեան մէջ գտնուող սուրիահայ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն օգնութիւն ցուցաբերելու Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի կոչին, կազմակերպած են տարբեր նախաձեռնութիւններ, որոնցմէ գոյացած գումարը պիտի օգտագործուի սուրիահայերուն օգնելու: Այս նախաձեռնութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը, Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնը, Դաւթեան տիկնիկային մշակոյթի տունը, «Armenian Art Hall» ելեկտրոնային ամսագիրը, «Վրաստանի հայ համայնք» հասարակական կազմակերպութիւնը, «Համահայկական խաղեր» միջազգային միութեան Վրաստանի մասնաճիւղը, թեմի հոգեւոր դասը, գործարարներ, մշակոյթի եւ արուեստի գործիչներ, թիֆլիսահայ համայնքի անդամներ: Հանգանակուած գումարը՝ 5000 ամերիկեան տոլարը, Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեանի օրհնութեամբ եւ միջնորդութեամբ, փոխանցուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին: Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը 200 հազար տոլար գումար արդէն փոխանցած էր «Սուրիահայերուն օգնութեան հիմնադրամ»ին, յետ այսու եւս տրամադրուելիք 200 հազար տոլարին մէջ իր տեղը պիտի ունենայ Վիրահայ համայնքի հանգանակութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.