ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան յայտարարած է, թէ նստացոյցի մասնակիցներուն պահանջները՝ պաշտօնանկութիւններուն վերաբերեալ, անհիմն են, քանի որ, իր կարծիքով, նշեալ անձերը քաղաքապետարանին մէջ «իրենց աշխատանքը նորմալ կատարում են»: Քաղաքապետը այս մասին յայտնած է «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին:
«Այն աշխատակիցները, որոնք իրենց աշխատանքը նորմալ չեն կատարի, բնականաբար կ՛ազատեմ, բայց այդ մարդիկ իրենց աշխատանքը նորմալ կատարում են: Եթէ երեք-չորս հոգի հաւաքւում են, ձեր հրաժարականը պահանջում են, միւսի, միւսի, նորմա՞լ էք համարում: Էս նման պահանջներին ժողովուրդն այդքան էլ կողմնակից չէ, հարցրէք ժողովրդին», նշած է ան։
Խօսելով փոխադրութեան գիներու բարձրացման կարելիութեան մասին՝ Մարգարեան նշած է, թէ քննարկումներ կը կատարուին: «Եթէ ուզում ենք ունենալ, անպայման պէտք է քննարկենք, եթէ չենք ուզում նորմալ տրանսպորտ, պէտք է մնանոյն վիճակում», յայտնած է ան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.