ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 2013ի Յուլիսի տուեալներով, Հայաստանի բանտերուն մէջ պատիժ կը կրեն 908 բանտարկեալներ, որոնք դատապարտուած են առանձնապէս ծանր յանցագործութիւններու համար: Այս մասին «Նիուզ»ին յայտնած են Հայաստանի արդարադատութեան նախարարութեան Քրէակատարողական վարչութեան մամլոյ ծառայութենէն:
Ըստ անոնց՝ բանտարկեալներուն կարգին են 52 կիներ եւ մէկ անչափահաս: ՔՕ 104րդ յօդուածով դատապարտուած է 583 անձ, որոնց 15ը կին, 1ը անչափահաս: Բանտարկեալներուն ամէնէն տարեցը տղամարդ մըն է՝ 1926ի ծնունդ, իսկ ամէնէն տարեց կինը 1936ի ծնունդ է։
Հայաստանի բանտերուն մէջ 2013ի Յուլիսի դրութեամբ կայ 4752 դատապարտեալ եւ կալանաւոր, որոնց կարգին 209 կին, 27 անչափահաս:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.