ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ տնօրէնութեան, Ուրբաթ, 2 Օգոստոսի երեկոյեան ժամը 7:30ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Աստղ երգիչ 3» մրցումի աւարտական ելոյթը:
Ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններու, արուեստագէտներու, ծնողներու եւ խուռներամ բազմութեան, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահը ապրեցաւ բացառիկ երեկոյ մը:
Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ 2011ին «Հայ Մանուկի Տարի» հռչակման զուգահեռ ընթացք առած կիրակնօրեայ դպրոցներու աշակերտութեան մանկական երգարուեստի այս մրցանքի ելոյթները յանգեցան 2013ի աւարտական փուլին:
Դատական կազմին՝ երգչուհի Շողիկ Թորոսեանի, Համազգայինի արուեստագէտներու փաղանգէն Յասմիկ Գասպարեանի, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի պարուսոյց Անի Կոստանեանի եւ երաժշտագէտ-երգեհոնահար Սեդօ Պաղտասարեանի հսկողութեամբ կայացած յաջորդական ելոյթներու աւարտական փուլին հասած էին վեց մասնակիցներ: Իրերայաջորդ մրցանքներու ելոյթներուն իրենց մասնակցութիւնը բերած էին՝ Մարիա Աբէլեան, Միսաք Ազատեան, Մարկրիթա Գոճամանեան, Կասիա Հաճեքեան, Դրօ Միրզայեան, Վիգէն Յարութիւնեան, Սարին Փիլաւճեան, Մեղրի Տեմիրճեան, Ժորժեթ Թեփիրճեան եւ Մինաս Ադամեան: Անոնցմէ աւարտական մրցանքի փուլին հասած էին՝ Ժորժէթ Թեփիրճեան, Միսաք Ազատեան, Մարկրիթա Գոճամանեան, Վիգէն Յարութիւնեան, Կասիա Հաճեքեան եւ Մինաս Ադամեան:
Ձեռնարկի ընդհանուր պատասխանատու Ղեւոնդ վրդ. Բենդեզեանի, տնօրէն Թամար Նազարեանի հետեւողական աչալուրջ հսկողութեամբ աւարտական փուլի հասած մրցանքին հանդիսավարներն էին Սիմոն Աշգեան եւ Վանան Մանճիկեան:
Աւելի քան երկու ժամ տեւած այս մրցանք-ելոյթին ներկաները մեծ խանդավառութեամբ հետեւեցան ու քաջալերեցին աւարտական մրցակից փոքրիկ «արուեստագէտներ»ու ելոյթները: Մէջ ընդ մէջ դատական կազմի կարծիքներով գնահատուող ելոյթները յաւելեալ ջերմ մթնոլորտ ստացան՝ աւարտական մրցակիցներու կողքին ընդհանուր մրցանքին մասնակցած կիրակնօրեայ դպրոցներու աշակերտներու եւ Լեռնալիբանանի պարախումբերու առաջին մրցանակին տիրացած՝ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի պարախումբի հայկական, արաբական թէ օտար երգերու պարերգներով:
Ձեռնարկին մշակութային որակ ու երանգ տուին նաեւ սուրիահայ երգիչ Սագօ Թաշճեան եւ երիտասարդ երգչուհի Ալիս Իբրաճեան:
Այս առիթով ներկայացուեցաւ «Աստղ երգի»չի եռամեայ գործունէութեան ու նպատակներուն մասին վաւերագրական ամփոփ տեսաերիզ մը:
Նմանապէս կարդացուեցաւ Ղեւոնդ վրդ. Բենդեզեանի յատուկ այս առիթով գրուած խօսքը:
Մրցակիցներու ելոյթի աւարտին, ներկայ հանդիսատեսները իրենց տոմսերուն կից նշուած համապատասխան տեղը քուէարկեցին իրենց նախընտրած մրցակիցին թիւը: Ապա դատական կազմին գնահատումով ու նկատի ունենալով բարձրագոյն նիշ հաւաքած մրցակիցներու տուեալները՝ յայտարարուեցան արդիւնքները:
Յաջորդաբար բարձրագոյն նիշ ապահովեցին՝ Կասիա Հաճեքեան, Վիգէն Յարութիւնեան եւ Միսաք Ազատեան:
Իսկ 2013 տարուան «Աստղ երգիչ 3» ընտրուեցաւ Միսաք Ազատեան:
Նախքան այդ, հայր Ղեւոնդ դատական կազմին եւ հանդիսավարներուն հետ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ յատուկ գնահատագիր նուիրեց բոլոր մասնակիցներուն: Նաեւ նուիրուեցան փոքր արձանիկներ, ցարդ կայացած ելոյթներու նկարներու հաւաքածոյ՝ պատրաստութեամբ «Ֆոթօ Ալեքս»ի եւ գեղեցիկ վարդեր:
Յիշատակի նուէրներ ստացան նաեւ դատական կազմի անդամներն ու հանդիսավարները:
Նշենք նաեւ, որ ձեռնարկը ուղղակիօրէն սփռուեցաւ «Ռատիօ Եանկ»ի կողմէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.