
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 12ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Կլենտէյլի հանրային կեդրոնական գրադարանին մէջ (222 East Harvard Street) տեղի պիտի ունենայ Ադամ Ռաֆֆի Գէորգեանի «Մասիս» վէպին ներկայացումը՝ հեղինակին կողմէ:
Վէպին իրադարձութիւնները տեղի կ՛ունենան ներկայ Հայաստանի մէջ:
Ներկայացումը անգլերէնով պիտի ըլլայ եւ կը վայելէ Կլենտէյլ քաղաքի Գրադարան, արուեստներ եւ մշակոյթ բաժանմունքին հովանաւորութիւնը:
Հեղինակը Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրած մշեցիի մը թոռնիկն է, որ ծնած է Վըրճինիա նահանգը: «Մասիս»ը անոր առաջին վէպն է, սակայն ան նախապէս գրած է շարք մը կարճ պատմուածքներ:
Ձեռնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել Էլիզապէթ Գրիգորեանին՝ egrigorian@ci.glendale.ca.us հասցէով կամ (818) 548-3288 թիւով: