ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- ՀՄԸՄ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Երեքշաբթի, Օգոստոս 13ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ երիտասարդներու կողմէ թմրեցուցիչներու եւ ոգելից ըմպելիներու սպառումին նուիրուած աշխատանիստ մը, որուն հրաւիրուած են մասնակցելու յատկապէս ՀՄԸՄի բոլոր մասնաճիւղերու եւ բաժանմունքներու պատասխանատուները, ՀՄԸՄականներն ու անոնց ծնողները, ինչպէս նաեւ՝ հանրութիւնը:
Քննարկումը պիտի առաջնորդեն իրաւաբան Կարօ Ղազարեան, իրաւաբան Մերի Տէր Բարսեղեան ու Նորա Շիթիլեան-Քէլէշեան, ինչպէս նաեւ՝ շրջանի ոստիկանութենէն ներկայացուցիչներ, որոնք պիտի ներկայացնեն նման օգտագործումները կանխարգիլելու տարբեր միջոցներն ու կարելիութիւնները:
Ձեռնարկը կազմակերպուած է ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբին կողմէ: Եկեղեցւոյ հասցէն է՝ 500 S. Central Avenue, Glendale, CA 91204:
Մուտքը ազատ է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.