ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ ունիմ ծերունազարդ բարեկամ մը։ 90է աւելի տարիներ գլորած է, հոգիին ու սրտին մէջ ամուր կերպով պահելով-պահպանելով մեր ժողովուրդին, հայրենիքին հանդէպ սէրը։ Հաւատարիմ ընթերցող մըն է ու մամուլէն օրը օրին կը հետեւի մեզ յուզող լաւ ու տխուր իրադարձութիւններուն, Հայաստանի մէջ թէ այլուր։ Երբեմն կը հեռաձայնէ եւ քանի անուշ բառ կը փոխանակենք, նաեւ դառնութեանց մասին ցաւակից կ՛ըլլանք։
Երեքշաբթի, 30 Յուլիսին, հեռաձայնային նորագոյն խօսակցութիւնը ունեցանք։ Խորապէս յուզուած էր, ձայնը՝ լացակումած։ Պատմեց, թէ նոր ստացեր էր Լիզպոնի Հինգին նահատակութեան 30րդ տարեդարձին նուիրուած «Ասպարէզ»ի թիւը, արցունքոտ աչքերով կարդացեր է Հինգին մասին յօդուածները։ Օրհնութիւններ ունէր անոնց յիշատակին, զանոնք պանծացնող գրիչներուն։ Յուզումը զիս ալ վարակեց որոշ չափով։ Պատմեց, թէ այդ գրութիւնները իր յիշողութեան մէջ վերականգնած են իր հօր դառն պատմութիւնը. հայրը կիլիկեան իրենց քաղաքի ինքնապաշտպանութեան պահուն զոհ գացած է թուրք ջարդարարներուն։ «Հայրս զոհուած է ծնելէս երկու ամիս առաջ… Հայրս չեմ տեսած…», եզրափակեց մեր զրոյցին առաջին բաժինը։
Յանկարծ, մեր զրոյցը 90 աստիճանի թեքում մը արձանագրեց. «Թերթէն կը կարդամ Հայաստանի իշխանութեան դիրքերուն վրայ եղողներուն անարդար, վնասակար ընթացքին մասին. սիրտս կը սեղմուի, ամէն անգամ որ անարդարութեան, շահամոլութեան եւ հայրենիքին պարպումին մասին տեղեկութիւններ կը կարդամ։ Աչքերս առաջուանը չեն, չեմ ալ կրնար գրել. քեզմէ պիտի խնդրեմ, որ հետեւեալ պահանջս գրես»։
Պահանջը իմանալէ առաջ իսկ խոստացայ գրել։
«Գրէ՛. այս մարդիկը պէտք է դատարան քաշել, դատի կանչել», վճռեց։
«Բայց դատարաններու մէջ ալ իրենց մարդիկը զետեղած են…», չծածկեցի կասկածս։
«Մեր երկիրը այս ընթացքով չի կրնար շարունակել. պէտք է դատի տալ այս աւազակները, հայրենիքը քանդողները», պնդեց։
«Կ՛արտօնե՞ս, որ անունովդ արտայայտեմ առաջարկդ», հարցուցի։
«Այո՛, գրէ՛. անունս Յարութ Պալեան է, 93 տարեկան եմ», եզրակացուց յանդուգն ոճով։