ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով յայտնեց, որ Ռուսիա կ՛ուզէ Սուրիոյ շուրջ խաղաղութեան միջազգային խորհրդաժողովը գումարել կարելի եղածին չափ շուտ, սակայն Հոկտեմբերէն առաջ այդ խորհրդաժողովին կայացումը անհաւանական է: Կաթիլով նաեւ նախատեսեց, որ Օգոստոսի վերջաւորութեան «Ժընեւ 2»ի կայացման շուրջ յաւելեալ խորհրդակցութիւններ կրնան ունենան: Ան նշեց, որ Մոսկուա տակաւին կառչած կը մնայ բանակցութեանց Իրանի մասնակցութեան. առաջարկ մը, որուն համաձայն չէ Ուաշինկթըն:
Ռուս եւ ամերիկացի պաշտօնատարներ անցեալ շաբաթ համաձայնած էին խորհրդաժողովը կարելի եղածին չափ շուտ գումարել, սակայն մարտնչող կողմերը բանակցութեանց սեղանի շուրջ նստիլ համոզելու համար՝ շօշափելի ծրագիր մը չներկայացուցին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.