ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Սպիտակ տունը հրապարակեց հետազօտութիւն մը, ըստ որուն՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ շուրջ 11 միլիոն ապօրինի ներգաղթածներու օրինականացումը երկրին Ընդհանուր ներքին արտադրութեան 1400 միլիառ տոլարի աճ մը պիտի շնորհէ՝ տասը տարիներու ընթացքին: Օրինագիծ մը, որ կ՛արտօնէ աստիճանաբար քաղաքացիութիւն տրամադրել անօրինական ներգաղթողներուն, վաւերացուած է Ծերակոյտին կողմէ, սակայն կասեցուած է Ներկայացուցիչներու տան մէջ:
Ներկայիս, ներգաղթողները կը ստանան շատ աւելի քիչ աշխատավարձ եւ կը վճարեն շատ աւելի քիչ տուրքեր կամ երբեք տուրք չեն վճարեր, ինչ որ կը նուազեցնէ Միացեալ Նահանգներու տնտեսութեան մէջ անոնց ներդրումը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.