
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Օգտուելով Իրաքի ՀԲԸՄի ղեկավարներէն՝ Իսքենտէր Մելքոնեանի եւ կնոջ՝ Սիլվայի, Լոս Անճելըս գտնուելու առիթէն, ՀԲԸՄի Արեւմտեան Շրջանակային վարչութիւնը, Լոս Անճելըսի Իրաքահայերու միութեան վարչութեան հետ միասնաբար, սիրոյ ջերմ սեղան մը կազմակերպեց՝ ի պատիւ պատուական հիւրերուն:
Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Եկաւեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած սոյն ձեռնարկին ներկայ էին եկեղեցւոյ հովիւ Սարգիս Ա. քհնյ. Փեթոյեան, ՀԲԸՄի Շրջանակային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Գարակէօզեան եւ նախկին ատենապետ ու Լոս Անճելըսի իրաքահայերու ղեկավարներէն տէր եւ տիկին Պերճ եւ Պելէթ Շահպազեաններ, Իրաքի ՀԲԸՄի երկարամեայ գանձապահ եւ իրաքահայ գաղութի նահապետներէն փրոֆ. Աբրահամ Շահինեան, բարերար Ճոնի Թաճիրեան եւ Թեմական խորհուրդի վարչականներէն Վահէ Իսքենտէրեան:
Հանդիսավարն էր եկեղեցւոյ երկարամեայ սարկաւագներէն Վահէ սրկ. Չարխթեան: Խօսք առին Իրաքահայերու միութեան ատենապետ Խաչիկ Ճանոյեան, նոյն միութեան փոխատենապետուհի տոքթ. Մարալ Տապպաղեան, Գրիգոր Գարակէօզեան, Իրաքահայերու միութեան վարչութեան ու Իրաքի ՀԲԸՄի երկարամեայ նուիրեալներէն ու Իրաքի առաջնորդարանի Ազգային Ծերանոցի վերակացու Արշալոյս Նըմոյեան՝ ջերմօրէն ողջունելով թանկագին հիւրերը:
Ողջոյնի խօսքերէն եւ ընթրիքէն ետք, ներկաները հաճելի պահեր ապրեցան՝ լիաթոք երգելով յատկապէս այս առիթով Ռոզմերի Ճանոյեանի պատրաստած երգարաններով, անեկտոթներ եւ յուշեր պատմելով եւ ունկնդրելով «Գոհար» երգչախումբի կատարումները:
Վերջաւորութեան խօսք առաւ Իսքենտէր Մելքոնեան, որ իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց այս սիրալիր ընդունելութեան համար: Ան նաեւ տեղեկութիւններ փոխանցեց Իրաքի ՀԲԸՄի մասին: Ապա Խաչիկ Ճանոյեան յայտարարեց, թէ տոքթ. Մարալ Տապպաղեան, իր քոյրերուն, եղբայրներուն եւ իր կողմէ 25,000 տոլար կը նուիրէ՝ ՀԲԸՄի Կեդրոնական վարչական ժողովին մօտ հաստատելու համար հիմնադրամ մը, իր ծնողաց՝ ՀԲԸՄի ղեկավարներէն Խոսրով եւ Սիրանոյշ Տապպաղեաններու անունով:
(Քաղուած Խաչիկ Ճանոյեանի թղթակցութենէն)