ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթը կը հաղորդէ, որ թուրք պաշտօնատարներ յայտնած են, թէ Թուրքիա Սուրիոյ մէջ ինքնավար քրտական տարածքի մը կազմութեան կտրուկ կերպով դէմ չէ, պայմանաւ, որ այդ որոշումը երկրին կամքը ներկայացնող խորհրդարանի մը մէջ առնուած ըլլայ: Թուրք պաշտօնատարներ վերջերս խորհրդակցութիւններ ունեցած էին հիւսիսային Սուրիոյ մէջ քրտական գլխաւոր կազմակերպութեան՝ Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան ղեկավար Սալեհ Մուսլիմի հետ: Թերթը կը նշէ, որ հանդիպումներուն ընթացքին թուրք պաշտօնատարները դրական կերպով ընկալած են մարդասիրական օժանդակութիւնները Սուրիոյ քրտական շրջաններ հասցնելու շուրջ Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան խնդրանքը, սակայն տակաւին շօշափելի արդիւնք չկայ:
Թրքական դիւանագիտական աղբիւրներ անցեալ շաբաթ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնած էին, որ թուրք պաշտօնատարներուն հետ իր հանդիպումին ընթացքին Մուսլիմ վերահաստատած է, թէ շրջանի քիւրտերը ինքնավարութեան կամ անկախութեան չեն ձգտիր եւ թէ ապագային վերաբերեալ իրենց պահանջները պիտի հետապնդուին Սուրիոյ մէջ, իսկ «Սուրիոյ ապագային վերաբերեալ որոշումը պիտի տրուի միասնաբար՝ բոլոր սուրիացիներուն հետ»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.