
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 22 Օգոստոսին տեղի ունեցած է Հայաստանի կառավարութեան հերթական նիստը, զոր վարած է Հայաստանի փոխվարչապետ Արմէն Գէորգեանը:
Կառավարութիւնը հաստատած է ցորենի սերմնաբուծութեան եւ սերմարտադրութեան զարգացման ծրագիրով 2013ի աշնանացանի համար Հայաստանի մարզերուն յատկացուող աշնանացան ցորենի առաջին վերարտադրութեան սերմացուի բաշխացուցակը: Մինչեւ 12 Յուլիս եօթը մարզերէ ստացուած է 147 նախնական դիմում: 2013ի աշնանացանին համար պիտի բաշխուի 3 հազար 400 թոն աշնանացան ցորենի առաջին վերարտադրութեան սերմացու:
Նիստին ընթացքին հաստատուած է նաեւ 2013ի աշնան գիւղատնտեսական աշխատանքներուն համար երկրի հողագործերուն մատչելի գինով ազոտական պարարտանիւթի ձեռքբերման պետական աջակցութեան ծրագիրը: Այդ նպատակով Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան յատկացուած է աւելի քան 380 միլիոն դրամ: Հանրապետութիւն պիտի ներածուի 8 հազար 310 թոն ամոնիաքային նիւթ, եւ 50 քկ կշռող 1 պարկը 6 հազար դրամով պիտի վաճառուի հողագործներուն: Փոխվարչապետ Արմէն Գէորգեանը յայտնած է, որ պիտի գործադրուի նաեւ վառելանիւթի ձեռքբերման պետական աջակցութեան ծրագիրը: Կառավարութեան համապատասխան որոշման նախագիծը պիտի ներկայացուի՝ վառելանիւթի քանակները մարզպետներուն հետ ճշդելէ ետք։