
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».– 12-22 Օգոստոսին Լեռնային Ղարաբաղի Մարտունի քաղաքին մէջ 7-16 տարեկան 186 պատանիներ կը մասնակցին ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան կազմակերպած «Անոյշ հայրենիք» ճամբարին: Արդէն երկրորդ տարին ըլլալով, ԼԵՄականները այս ճամբարը կը կազմակերպեն Մարտունի քաղաքին մէջ: Այս տարի ճամբարը նուիրուած էր Մհեր Ջուլհաճեանի եւ Լիզպոնի 5 տղոց յիշատակին: Ճամբարականներուն առօրեան կ՛ընթանայ, ըստ նախապէս մշակուած օրակարգի՝ դրօշակի արարողութիւն, դասախօսութիւններ՝ հայրենասիրական, դաստիարակչական նիւթերով, ազգային -յեղափոխական երգերու ուսուցում, մարզանք եւ այլն:
«Ապառաժ»ի լրագրող Արմինէ Նարինեան կը գրէ, թէ այս նպատակով Լիբանանէն Արցախ եկած են 5 երիտասարդներ, որոնք ՀՅԴ Արցախի երտասարդական միութեան երիտասարդներուն հետ կազմակերպած են պատանեկան եւ երիտասարդական ճամբարը:
Ճամբարի պատասխանատու Մարիա Չոքաքլեանը արդէն երրորդ անգամ ըլլալով հայրենիք կ՛այցելէ. ան համոզուած է, որ ամէն անգամ հայրենիք գալէ ետք աւելի ու աւելի դժուար կ՛ըլլայ Լիբանան վերադառնալը։
«Մեր նպատակը պատանիներուն մեր գիտցածը սորվեցնելն է, բնականաբար մենք եւս շատ բան կը սորվինք իրենցմէ։ Մարտունիի մէջ շարունակական պիտի ըլլայ ճամբարներու կազմակերպումը», նշած է Մարիան:
Րաֆֆի Թասլաքեանը ուրախ է, որ իր կեանքի առաջին ճամբորդութիւնը եղած է դէպի Հայաստան: «Ծնած ու մեծցած եմ Այնճար, սակայն միշտ երազած եմ գալ Հայաստան, Արցախ եւ տեսնել հայրենիքը իմ աչքերովս: Հոս զարմանալի հանգստութիւն կայ, հոգիդ տեսակ մը կը խաղաղի, ամէն ինչ իմս է, մեծ փափաք ունիմ համալսարան աւարտելէ ետք վերադառնալու հայրենիք եւ հոս ապրելու», ըսած է Րաֆֆին:
Օգոստոս 22ին Մարտունիի Մշակոյթի պալատին մէջ տեղի ունեցած է ճամբարի փակման հանդիսաւոր արարողութիւն: Երեխաները ներկայացուցած են ճամբարի 10 օրերուն ընթացքին իրենց սորվածը՝ ազգային յեղափոխական երգեր, ագզային, ժողովրդական պար, ասմունք եւ այլն:
Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի Դաշնակցութիւն խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Սարգսեանը, որ ելոյթ ունեցած է ճամբարի փակման արարողութեան ընթացքին, կարեւոր նկատած է նման նախաձեռնութիւններու կազմակերպումը Արցախի մէջ: «Ընդամէնը 5 երիտասարդ ներ եկան ու կազմակերպեցին այս ճամբարը, կազմակերպչական բաւականին բարձր մակարդակ ապահովելով, սա ցոյց է տալիս, որ փոքր թուով մարդիկ, ովքեր ընդհանուր նպատակ ու գաղափարախօսութիւն ունեն, կարող են մեծ գործեր անել: Ուզում եմ շնորհաւորել մեզ բոլորիս, որ արդէն երկրորդ տարին է, այստեղ Մարտունիում, ամրապնդւում է մեր միասնութիւնը սփիւռքահայ ընկերների եւ մեր միջեւ», նշած է Արմէն Սարգսեանը: