ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան կոչ ուղղեց ներդրումներ կատարելու Արաքսի հովիտին մէջ, մասնաւորապէս զբաղելով հացահատիկային մշակաբոյսերու աճեցումով եւ այգեգործութեամբ:
«Կառավարութիւնը լուրջ ներդնումներ է կատարում, որպէսզի Արաքսի հովտում համատարած զարգանայ ե՛ւ հացահատիկային մշակաբոյսերի մշակումը, ե՛ւ այգեգործութիւնը: Կառավարութիւնը գնացել է լուրջ ներդրումների, որպէսզի ապահովի Արաքսի հարաւային ափը էլեկտրաէներգիայով, մօտ 27 կմ. հոսանքի գիծ կառուցուեց, անհրաժեշտութեան դէպքում՝ պոմպակայաններ կը տեղադրուեն, ներդրումներ են արուել եւ արւում ենթակառուցուածքներում՝ ճանապարհաշինարարութեան մէջ: Այսօր նաեւ այնտեղ համապատասխան ընկերութիւնները զբաղուած են էրոզիայի ենթարկուած, ոչ պիտանի դարձած հողատարածքները մշակելի դարձնելու գործով», «Ապառաժ»ին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսաւ փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան:
Արթուր Աղաբեկեանի համաձայն՝ զինադադարէն ետք Արցախի մէջ հացահատիկային մշակաբոյսերու աճեցումով նորէն սկսան զբաղելու, սակայն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւնները կ՛ակնկալեն, որ հացահատիկային մշակաբոյսերու աճեցումով զբաղին ատոր համար աւելի նպաստաւոր՝ Քաշաթաղի եւ Հատրութի հարաւային շրջաններուն մէջ, ուր բաւական մեծ նախադրեալներ կան ատոր համար, սակայն ծրագիրը հեռու չգնաց:
«Այժմ լայնածաւալ աշխատանքներ են կատարւում Արաքսի հովտում եւ ակնկալում ենք, որ կը գտնուեն անհատներ, որոնց համար հացահատիկային մշակաբոյսերի աճեցումը հէնց այս տարածքում կը լինի հետաքրքիր բիզնես, հետաքրքիր՝ ներդրումային առումով: Այստեղ ներդնելով իրենց կապիտալը կարող են ակնկալել բարձր շահոյթ: Այսօր բարձր շահոյթ ստանում են այն անհատները, ովքեր արդէն երկար տարիներ ունեն հողօգտագործման փորձ Արաքսի հովտում», նշեց Արթուր Աղաբեկեանը:
Փոխվարչապետը նշեց, որ արդէն ներդրնողներ կան եւ ընթացքէն ընդհանուր առմամբ գոհ են, սակայն կը մօտենայ աշնանացանի շրջանը եւ դիմորդներու թիւը տակաւին բաւարար չէ, որ գարնան ունենան աւելի մշակուած տարածքներ, սակայն դեռ ժամանակ կայ, եւ Արթուր Աղաբեկեան յոյս յայտնեց, որ ներդնողները կ՛օգտուին ընձեռնուած հնարաւորութենէն:
Ինչ կը վերաբերի վիճակախաղի իրականացման՝ փոխվարչապետը նշեց, որ մասնաւորապէս գոհ է Հայաստանի այն գործիչներէն, որոնք աշխուժօրէն կը մասնակցին վիճակախաղի սպառման հոլովոյթին, սակայն դժգոհ է, թէ ինչպէս անիկա կը սպառի հայ մամուլի կրպակներուն մէջ:
Այսօր Արցախի Հանրապետութեան մէջ վերաբնակեցման հոլովոյթը ամէնէն կարեւոր խնդիրներէն է եւ այս վիճակախաղին միջոցով ոեւէ գնող կը դառնայ ատոր մասնակիցը, նշեց Ա. Աղաբեկեան:
Փոխվարչապետը խօսեցաւ նաեւ Արաքսի հովիտի մէջ կառավարութեան հեռանկարներու, մասնաւորապէս՝ գիւղաքաղաք կառուցելու մասին, ուր ապրողներուն մեծամասնութիւնը պէտք է ըլլայ գիւղական բանուոր: Այդ գիւղաքաղաքի կառուցումը կառավարութիւնը կ՛ակնկալէ իրականացնել ազգային վիճակախաղի միջոցով, որ արդէն սկսած է:
Ինչ կը վերաբերի վիճակախաղի իրականացման, փոխվարչապետը նշեց, որ մասնաւորապէս գոհ է ՀՀ այն գործիչներէն, որոնք աշխոյժօրէն կը մասնակցին վիճակախաղի իրականացման գործընթացին, սակայն դժգոհ է Հայ մամուլի կրպակներու կողմէ կատարուած վաճառքի ծաւալներէն:
«Հասկանում եմ, որ հասարակութիւնը այն չգնելու համար հարիւրաւոր պատճառներ կարող է բերել, բայց եւ ոչ մի պատճառ արդարացուած չէ այն նպատակի համեմատ, որ դրել է իր առջեւ ԼՂՀ կառավարութիւնը: Ինչ որ տեղ անհանգիստ եմ, որ բացակայում է Սփուռքի արձագանգը, այն որ վիճակախաղի որոշ տոմսեր իրացուելու է Սփիւռքում, դրա մէջ ես վստահ եմ, սակայն ակնկալում ենք աւելին: Այն համազագային նշանակութեան գաղափար է ներառում իր մէջ: Այսօր Արցախի Հանրապետութիւնում վերաբնակեցման գործընթացը ամենակարեւոր խնդրիներից է եւ այս վիճակախաղի միջոցով ցանկացած գնորդ դառնում է դրա մասնակիցը», նշեց ԼՂՀ փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.