
ԵՐԵՒԱՆ.– Խումբ մը քաղաքացիներ 29 Օգոստոսի առաւօտեան հաւաքուած էին Հայաստանի կառավարութեան շէնքին առջեւ՝ իրենց բողոքի ձայնը բարձրացնելու պետական գրեթէ բոլոր համալսարաններուն մէջ կրթաթոշակներու սակերու բարձրացման դէմ: Անոնք համոզուած են, որ գիներու բարձրացման մասին որոշումը ապօրինի է, զայն որդեգրելու ատեն նկատի չեն առնուած ուսանողներուն եւ անոնց ընտանիքներուն ընկերային–տնտեսական վիճակը. ըստ անոնց, յոյս չկայ նաեւ, որ ուսման գիներու բարձրացման զուգահեռ կրթութեան որակը կը բարձրանայ:
Ցուցարարները իրենց բողոք-նամակը յանձնելէ ետք երթով ուղղուած են դէպի պետական համալսարաններ, հոն եւս իրենց պահանջները լսելի դարձնելու համար: