ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 30 Օգոստոսին հեռաձայնային կապ հաստատած ու զրուցած Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսներուն հետ:
Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն յայտնած են, որ նախագահը կաթողիկոսներուն հետ քննարկած է Սուրիոյ առնչութեամբ ստեղծուած իրավիճակի լոյսին տակ սուրիահայ համայնքին եւ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութեան աշխատակիցներուն անվտանգութեան առնչուող հարցեր:
Զրուցակիցները քննարկած են ուժերը համախմբելու, առկայ լարուած եւ վատթարացող մարդկային կացութեան մէջ տագնապալի օրեր ապրող սուրիահայ մեր կարիքաւոր եղբայրներուն ու քոյրերուն համակարգուած կերպով սատարելու եւ անոնց առաւելագոյն աջակցութիւն ցուցաբերելու ուղիները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.