
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Նախագահ Սերժ Սարգսեան 6 Սեպտեմբերին այցելած է Արդարադատութեան նախարարութիւն, ծանօթացած է աշխատանքային պայմաններուն, այցելած է քաղաքացիներու ընդունելութեան սրահ, զրուցած աշխատակիցներուն հետ, ապա նիստերու դահլիճին մէջ հանդիպում ունեցած է նախարարութեան աւելի քան երեք հարիւր աշխատակիցներու հետ: Նախարարն ու անոր տեղակալները զեկուցած են 2010-2013 թուականներուն իրականացուած բարեփոխումներուն, արձանագրուած յառաջընթացին, զարգացումներուն, առկայ խն-դիրներուն եւ անոնց լուծման կարելիութիւններուն մասին:
Նախագահը նշած է, որ արդարադատութեան նախարարութեան մէջ կ՛աշխատին լաւ իրաւաբաններ, որոնք կրնան նաեւ դիւրութեամբ աշխատանք գտնել մասնաւոր հատուածին մէջ: Ան վստահութիւն յայտնած է, որ այս քաղաքականութեամբ, ինչպէս նաեւ պետական ծառայողներու ընկերային խնդիրներու լուծման միտուած միւս բոլոր ծրագիրներով արդարադատութեան նախարարութեան համակարգին մէջ աշխատանքը շատ արագօրէն մրցունակ պիտի դառնայ։
Սերժ Սարգսեան պատասխանած է բազմաթիւ այլ հարցումներու, որոնք կը վերաբերէին արդարադատութեան, Հայաստանի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ կրթութեան, ելեւմուտքի, ընկերային-տնտեսական խնդիրներուն, պետական կառավարման գործընթացներու թափանցիկութեան, մեր երկրի մարտահրաւէրներուն, զանոնք դիմակայելու կարելիութիւններուն եւ ուղիներուն, տարածաշրջանային զարգացումներուն: Նախագահը հանգամանալից կերպով խօսած է նաեւ Հայաստանի մէջ բարեփոխումներու շարունակականութեան ռազմավարութեան մասին, անդրադարձած Հայաստանի՝ Մաքսային միութեան միանալու ընթացակարգային խն-դիրներուն: Հանդիպման աւարտին նախագահը յայտնած է. «Մենք մտել ենք մի փուլ, երբ պէտք է, իրօք, մեր ջանքերն աւելացնենք: Մի կողմից պէտք է բարեփոխումները շարունակենք՝ հասցնենք տրամաբանական աւարտին, միւս կողմից էլ պէտք է կարողանանք նոր գործընթացը, որն սկսել ենք կապուած Մաքսային միութեան հետ, առաջ տանել. մենք հսկայական աշխատանք ունենք կատարելու՝ մինչեւ 50 լուրջ փաստաթղթեր պէտք է տանենք Ազգային ժողով: Իսկ այդ փաստաթղթերի պատրաստման հիմնական բեռը եւ բազմաթիւ այլ խնդիրներ ձեզ վրայ է լինելու: Այսինքն՝ մենք հիմա պէտք է մեր աշխատաժամանակն էլ երկարացնենք, աշխատանքի արդիւնաւէտութիւնն էլ բարձրացնենք», ընդգծած է նախագահ Սերժ Սարգսեանը եւ յաջողութիւններ մաղթած նախարարութեան աշխատակիցներուն՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով մնայուն կերպով լսել նախարարութեան մէջ աշխատանքի արդիւնաւէտութեան բարձրացման առնչուած առաջարկները, նորամուծութիւններն ու գաղափարները: