
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 12 Սեպտեմբերին ընդունած է գլխաւոր դատախազ Աղուան Յովսէփեանը՝ անոր լիազօրութիւններու ժամկէտին աւարտելուն առիթով։
Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է Աղուան Յովսէփեանին՝ անոր երկարամեայ ծառայութեան եւ իրաւակարգի ամրապնդման իմաստով ներդրած աւանդին համար: Սերժ Սարգսեան յոյս յայտնած է, որ Աղուան Յովսէփեան տարիներու իր փորձառութիւնը յետ այսու եւս կը ծառայեցնէ հանրային շահերու պաշտպանութեան եւ իրաւապահպան համակարգի հետագայ զարգացման: