
ԺԸՆԵՒ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 12ին, Ժընեւի մէջ սկսան Սուրիոյ քիմիական զէնքերու թղթածրարին շուրջ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Ճան Քերիի եւ Սերկէյ Լաւրովի միջեւ խորհրդակցութիւնները, որոնց նպատակն է Սուրիոյ քիմիական զէնքերը դնել միջազգային հսկողութեան տակ:
Մասնագէտներ կը յայտնեն, թէ քաղաքական պատերազմի պայմաններուն տակ նման նախաձեռնութիւն մը դժուար իրագործելի պիտի ըլլայ, սակայն՝ ոչ անկարելի:
Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի եւս Ժընեւ կը գտնուի, անջատ հանդիպումներ ունենալու համար Լաւրովի եւ Քերիի հետ:
Ռուսիա մերժած է Ֆրանսայի կողմէ ՄԱԿին ներկայացուելիք բանաձեւի նախագիծ մը, որ Սուրիոյ 15 օրուան պայմանաժամ կը ճշդէր՝ իր քիմիական ծրագիրին մասին ամբողջական յայտարարութիւն մը կատարելու եւ իր բոլոր կեդրոնները ՄԱԿի քննիչներուն առջեւ բանալու, նաեւ Դամասկոսին կը սպառնար «անհրաժեշտ միջոցառումներ» որդեգրել, եթէ պահանջներուն չենթարկուի: Ռուսիա զինուորական քայլերու սպառնալիքը «անընդունելի» կը նկատէ, իսկ նախագահ Վլատիմիր Փութին կը յայտնէ, որ նախապէս տրուած ռուսական առաջարկը կրնայ յաջողիլ միայն, եթէ Միացեալ Նահանգներ եւ ուրիշներ «մեզի ըսեն, թէ կը հրաժարին Սուրիոյ դէմ ուժի օգտագործման իրենց ծրագիրէն»:
Փութին «Նիւ Եորք Թայմզ»ի Հինգշաբթի օրուան թիւին մէջ լոյս տեսած յօդուածի մը մէջ նաեւ գրած է, թէ «ըմբոստները քիմիական զէնքը օգտագործեցին, Սուրիոյ մէջ ամերիկեան միջամտութիւնը դրդելու համար»:
Իր կարգին, Սպիտակ տունը Չորեքշաբթի օր յայտարարեց, որ Սուրիոյ տագնապին գծով դիւանագիտութեան ձախողութիւնը զինուորական սահմանափակ միջամտութեան պիտի առաջնորդէ»՝ ընդգծելով, որ նշեալ դիւանագիտական հոլովոյթին մէջ խնդրոյ առարկայ է Ռուսիոյ վարկը:
Միւս կողմէ, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Հինգշաբթի օր յայտնեց, որ ի երկիրը քիմիական զէնքերը միջազգային հսկողութեան տակ դնելու համամիտ գտնուած է՝ ռուսական նախաձեռնութեան ընդառաջելով, այլ ոչ թէ ամերիկեան սպառնալիքէն վախնալով: Ան նշեց. «Քիմիական զէնքերուն վերաբերեալ համաձայնութիւն ստորագրելու համար ՄԱԿին փաստաթուղթեր պիտի ուղարկենք»: Իր կարգին, Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զողպի յայտարարեց, որ Սուրիա ռուսական նախաձեռնութիւնը ընդունած է՝ «կանխարգիլելու համար պատերազմ մը, որ ամբողջ տարածաշրջանը պիտի հրկիզէր»:
Մինչ այդ, Սուրիական ազատ բանակի քաղաքական եւ մամլոյ հարցերով գործավար Լուա Մըքտատ սէուտական «Օքազ» օրաթերթին յայտնեց, թէ Սուրիոյ քիմիական զէնքերը Իրաք փոխադրելու՝ Իրանի հովանաւորութեամբ ծրագիր մը գոյութիւն ունի:
Նաեւ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի օգտագործման շուրջ միջազգային հետաքննիչներու զեկուցումը կրնայ Երկուշաբթի օր հրապարակուիլ:
ՄԱԿի այլ քննիչներ, Չորեքշաբթի օր հրապարակած էին զեկուցում մը, որուն մէջ կը նշուի, թէ Սուրիոյ կառավարութեան համակիր ուժերու եւ ընդդիմադիր, ներառեալ՝ օտար, զինեալներու կողմէ գործուած պատերազմական ոճիրներու թիւը վերջին քանի մը ամիսներուն աճ արձանագրած է:
Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտնեց, որ Սուրիոյ դէմ պատերազմի վտանգը նուազած է, «սակայն այդ մասին բացարձակ վստահութեամբ կարելի չէ խօսիլ»: Ան Սուրիան նկատեց «խաւարի ճակատին ու ամբարտաւանութեան դիմակայման առանցքի առաջին գիծը»՝ ազդարարելով, որ պատերազմի հետեւանքները «նախ եւ առաջ անոր ձգտող երկիրները պիտի վնասեն»:
Նաեւ, թրքական դիւանագիտական աղբիւր մը «Շարք Աուսաթ» թերթին յայտնած է, թէ թրքական իշխանութիւնները հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռներ զետեղած են Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ: Աղբիւրը նշած է, որ Անգարա ծրագիրներ մշակած է Սուրիոյ դէմ հարուածի մը պարագային թրքական քաղաքներու դէմ սուրիական հաւանական յարձակում մը դիմակայելու: Ան ըսած է, որ թրքական հակադարձութիւնը միայն «Փեթրիըթ» հրթիռներով պիտի չըլլայ, այլեւ «Էֆ. 16» ռազմական օդանաւերով, որոնք կրնան հարուածել Լաթաքիա գտնուող սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան այն կեդրոնները, որոնք անցեալ տարի թրքական օդանաւ մը վար առած էին:
Զինուորական գետնի վրայ, Հինգշաբթի օր հաղորդուեցաւ, թէ Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջաններուն մէջ բախումները դարձեալ սաստկացած են վերջին քանի մը օրերուն՝ իրարու դէմ հանելով շրջանի քիւրտերը եւ իսլամ ծայրայեղականները: Ըստ Հինգշաբթի օրուան տուեալներուն՝ երկու օրուան ընթացքին սպաննուած են 35 իսլամ ծայրայեղականներ եւ 13 քիւրտեր: