Մուսա լերան հերոսամարտի 98ամեակի ձեռնարկներուն երկրորդը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 11 Սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 8ին, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ:
Հանդիպումը ունէր դասախօսական բնոյթ: Ձեռնարկին ներկայ էին Այնճարի հոգեւոր պետերը, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի անդամները, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով հայրենակիցներ:
ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-քարոզչական մարմինին եւ Մուսա լերան հերոսամարտի 100ամեակի կեդրոնական մարմինին անունով ձեռնարկին բացումը կատարեց Եսայի Հաւաթեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները յայտնեց. «Այս շաբաթը տօնական է, եւ աշխարհի տարածքին մուսալեռցիները կոչուած են վերյիշելու եւ վերապրելու իրենց հերոսամարտը, անոր հերոսներու կտակը եւ մնալու միշտ լերան վրայ, անկէ վար չիջնելու որոշումով»: Ան հրաւիրեց օրուան դասախօս, մուսալեռցի գրաքննադատ, խմբագիր եւ ուսուցիչ Պօղոս Սնապեանը՝ ներկայացնելու «Մուսա լեռը եւ անոր պայքարող ժողովուրդը՝ Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա Լերան 40 Օրերը» վէպին ընդմէջէն:
Պօղոս Սնապեան շուրջ մէկ ժամուան ընթացքին ներկաները փոխադրեց Մուսա լեռ եւ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացնելէ ետք հերոսամարտի նախօրեակի մթնոլորտն ու գլխաւոր ղեկավարները, ան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա Լերան 40 Օրերը» վէպին՝ անոր առաջին հրատարակութենէն սկսելով:
Սնապեան ներկայացուց սոյն վէպին տարբեր թարգմանութիւնները, անդրադարձաւ այս վէպին մասին գրաւոր արտայայտութիւն ունեցած բազմաթիւ հայ թէ օտար գրողներու կարծիքներուն՝ վեր առնելով այս վէպին ունեցած մեծ ու անկրկնելի դերակատարութիւնը միջազգային շրջանակներուն մէջ:
Ան թելադրեց նոր սերունդին անպայման կարդալ այս վէպը եւ ամրացնել իր հայկական ոգին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.