Մուսա լերան հերոսամարտի 98ամեակի տօնակատարութիւններուն առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ Հինգշաբթի, 12 Սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 8ին, «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէսի ձեռնարկ մը, որ նուիրուած էր մուսալեռցի գրողներ Սարգիս Փանոսեանի, Յակոբ Բամպակեանի եւ Մարտօ Մուսալեռցիի վերջին հրատարակութիւններուն:
ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-քարոզչական մարմինին եւ Մուսա լերան հերոսամարտի 100ամեակի կեդրոնական մարմինին անունով Եսայի Հաւաթեան արտասանեց բացման խօսքը. Հաւաթեան ողջունելէ ետք ներկաները ներկայացուց ձեռնարկին յայտագիրը:
Յովհաննէս Խօշեան եւ Եսայի Հաւաթեան ներկայացուցին գրողներուն կենսագրականները, որմէ ետք ներկայացուեցան երեք հատորներ, որոնք հրատարակուած էին վերջերս:
Յովհաննէս Խօշեան ներկայացուց Մարտօ Մուսալեռցիի « Թրքուհին եւ…» պատմուածքներու հատորը, որ լոյս տեսած էր Թեհրանի մէջ:
Տոքթ. Խաժակ Այնթապլեան ներկայացուց Յակոբ Բամպակեանի «Եէիբր թը կ՛ըննու» (երբ որ ալ ըլլայ) Մուսա լերան բարբառով գրուած հատորը, իսկ Սեւան Ադամեան ներկայացուց Սարգիս Փանոսեանի «Ազգային եւ միջազգային ընդհանուր զարգացման հարցումներ եւ պատասխաններ» հատորը:
Իւրաքանչիւր զեկուցաբեր անդրադարձաւ իր կողմէ ներկայացուած հատորի բովանդակութեան, արծարծուած հիմնական նիւթերուն եւ գիրքին բերած նպաստին: Թելադրուեցաւ, որ նոր սերունդը կարդայ այս հատորները՝ նկատի ունենալով անոնց օգտակարութիւնը:
Ապա տեղի ունեցաւ երեք գիրքերու գինեձօնը՝ Այնճարի հոգեւոր պետերու, քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեանի եւ հեղինակներուն մասնակցութեամբ:
Գիրքերը օծուեցան գինիով եւ մկրտուեցան յատուկ արարողութեամբ:
Ձեռնարկի վերջին բաժինով իրենց սրտի խօսքը ուղղեցին երեք հեղինակները՝ շնորհակալութիւն յայտնելով կազմակերպիչ մարմիններուն:
Հեղինակները մակագրեցին իրենց հատորները բոլոր փափաքողներուն համար՝ նուիրելով իրենց գիրքերը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.