
ՔԱՄԸՐՍ, Քալիֆորնիա.- Կազմակերպութեամբ Մեսրոպեան վարժարանի շրջանաւարտից միութեան, «Քլապ Մեսրոպեան»ին ու «Քամըրս Քազինօ»ին, Շաբաթ, Հոկտեմբեր 19ին, երեկոյեան ժամը 5:30էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ Ռալֆ Մոսիկեանի յիշատակի տարեկան չորրորդ «փոքըր»ի մրցաշարք եւ ընթրիքը, նշեալ քազինոյին մէջ: Մրցաշարքին մասնակցողներու արձանագրութիւնները պիտի սկսին կ.ե. ժամը 4ին:
Տարիներով Մեսրոպեան վարժարանին նեցուկ կանգնած Ռալֆ Մոսիկեանի յիշատակին կազմակեպուող սոյն ձեռնարկին կրնան մասնակցիլ ոչ միայն «փոքըր» խաղացողները, այլեւ վարժարանին նեցուկ կանգնիլ փափաքողները, որոնք առիթը պիտի ունենան ընկերային հաճելի պահեր անցընելու եւ հանդիպելու «Մեսրոպեան»ի նախկին աշակերտներու եւ համակիրներու հետ:
«Փոքըր»ի մրցաշարքին ընդհանուր մրցանակ որոշուած է 10,000 տոլար գումար մը, իսկ առաջնութիւնը խլողին համար երաշխաւորուած է առնուազն 5000 տոլար:
«Փոքըր»ի մրցաշարքի մասնակցութեան սակը 125 տոլար է, ներառեալ՝ ընթրիք, իսկ անոնք, որոնք միայն ընթրիքին կը փափաքին մասնակցիլ, սակը 30 տոլար է: Ձեռնարկին ընթացքին նաեւ «փոքըր» խաղալ սորվեցնողներ պիտի ըլլան, անոնց համար, որոնք կը փափաքին այդ բախտախաղին օրէնքները սորվիլ:
Տեղի պիտի ունենայ նաեւ լուռ աճուրդ, յաւելեալ օժանդակութիւն ապահովելու համար «Մեսրոպեան»ին:
Տեղեր ապահովելու կամ յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (562) 228-9266 կամ (323) 377-8006 թիւերուն: