ՊԷՅՐՈՒԹ, «Էյ.Փի.».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 18ին յայտարարեց, թէ Մոսկուա ոչ ամբողջական եւ կողմնակալ կը նկատէ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքերու օգտագործման վերաբերեալ ՄԱԿի քննիչներու զեկուցումը: Ան աւելցուց, թէ Ռուսիա ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին յանձնած է փաստեր, որոնք ցոյց կու տան, թէ քիմիական զէնքերը կառավարական ուժերուն կողմէ չեն օգտագործուած:
Նոյն օրը, սուրիական պետական աղբիւրներ հաղորդեցին, թէ Դամասկոս այցելող բարձրաստիճան ռուս դիւանագէտի մը յանձնուած են յաւելեալ փաստեր, որոնք ցոյց կու տան, թէ քիմիական զէնքերը ընդդիմութեան կողմէ գործածուած են:
Նաեւ, ՄԱԿի մօտ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վիթալի Չուրքին յայտարարեց, թէ Դամասկոսի մօտերը տեղի ունեցած քիմիական զէնքով յարձակումը ապստամբներու կողմէ գրգռիչ արարք մըն էր:
Հակառակ այն իրողութեան, որ ՄԱԿի քննիչներու զեկուցումը յարձակումի պատասխանատուութեան հարցը չ՛արծարծեր, անոր մէջ կան տեղեկութիւններ, որոնք անուղղակիօրէն կառավարական ուժերը պատասխանատու կը նկատեն յարձակումին:
Երեքշաբթի օր, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ֆրանսացի իր պաշտօնակից Լորան Ֆապիւսի հետ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըսաւ, թէ ՄԱԿի քննիչները Սուրիոյ մէջ քիմիական յարձակումին մասին Ռուսիոյ բոլոր հարցումներուն չեն պատասխանած, եւ կոչ ուղղեց Միջին Արեւելքը եւ ամբողջ աշխարհը զանգուածային քանդումի զէնքերէն ձերբազատելու: «Պէտք է «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը գումարել՝ գործադրելու համար «Ժընեւ-1»ի համաձայնութիւնը», յայտնեց Լաւրով՝ նշելով, որ պէտք է ստեղծել ամբողջական լիազօրութեանց տէր փոխանցման մարմին մը, որուն մաս կը կազմեն Սուրիոյ բոլոր հատուածները», ըսաւ Լաւրով:
Խօսելով Սուրիոյ քիմիական զէնքերուն շուրջ ռուս-ամերիկեան համաձայնութեան մասին՝ Լաւրով յայտնեց, թէ այդ համաձայնութիւնը ՄԱԿի ուխտի բռնի ուժի կիրարկում արտօնող 7րդ յօդուածին մասին խօսք չի բովանդակեր:
Իր կարգին, Ֆապիւս նշեց, որ ռուս-ամերիկեան համաձայնութիւնը կարեւոր քայլ մըն է, սակայն շեշտեց, թէ պէտք է համաձայնութեան գործադրութիւնը ապահովել:
Իսկ Դամասկոսի մէջ, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ հանդիպում մը ունեցած է Սուրիա այցելող ամերիկացի նախկին քոնկրեսականներու եւ Միացեալ Նահանգներու նախկին ընդհանուր դատախազ զօր. Ռեմզի Քլարքի հետ: Ասատ ցաւ յայտնած է, որ Ուաշինկթըն կը շարունակէ միջամուխ ըլլալ այլ երկիրներու ներքին հարցերուն՝ պատերազմներ հրահրելու նպատակով:
Միւս կողմէ, Սուրիական ընդդիմութեան կողմէ իբրեւ սուրիական փոխանցման կառավարութեան «վարչապետ» ընտրուած Ահմետ Թոհմէ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին խոստացաւ սահմանափակել «Քայիտա»ի ազդեցութիւնը ընդդիմութենէն ներս՝ նշելով, որ անոր առնչակից կազմակերպութիւնները օգտագործեցին «երկրի բազմաթիւ շրջաններուն մէջ նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութեան քայքայման ստեղծած բացը լեցնելու առումով ընդդիմութեան ձախողութիւնը»: Ան ըսաւ, որ ընդդիմութիւնը պէտք է գաղափարական գետնի վրայ անպայման դէմ դնէ «Քայիտա»ին, որովհետեւ ժողովրդավարութիւնը իսլամութեան ուսուցումներուն չի հակասեր, ինչպէս նաեւ պէտք է «Քայիտա»ի ժողովրդականութիւնը սահմանափակէ՝ վերստանձնելով հանրօգուտ ծառայութիւններ այն շրջաններուն մէջ, որոնք կը գտնուին ընդդիմադիր զինեալներու վերահսկողութեան տակ: Թոհմէ նաեւ նշեց, որ ժողովուրդը «վարչակարգին ձեռամբ շղթայազերծուած սպանութիւններէն, քանդումէն ու գաղթէն տառապելէ ետք, այժմ կը տառապի այդ զինեալներու վարմունքէն եւ իրենց գաղափարներն ու թէզերը մարդոց պարտադրելու փորձերէն: Ժողովուրդը ազատութեան գաղափարին համար փողոց դուրս եկաւ, ուրեմն ինչպէ՞ս կրնայ աւելի մեծ բռնատիրութիւն մը ընդունիլ»: Սուրիական ազատ բանակի մամլոյ եւ քաղաքական հարցերով գործավար Լուա Մըքտատ իր կարգին յայտնեց, թէ «Սուրիոյ մէջ ծայրայեղական խմբակներու կողմէ գործուած վատ արարքներուն աճը մեզ պիտի մղէ ժողովուրդը պաշտպանելու»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.