ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ, Գարեգին Բ. կաթողիկոս Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 19ին ընդունած է Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի նախագահ Ճան Փերեզի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն կ՛ընկերանար ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան:
Մայր աթոռի տեղեկատուական կեդրոնին համաձայն՝ հանդիպման ընթացքին կաթողիկոսը գոհունակութեամբ ողջունած է ՀՀ Ազգային ժողովին եւ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանին միջեւ ձեւաւորուող համագործակցութիւնը եւ իր գնահատանքը յայտնած է Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամներուն կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման առթիւ:
Զրոյցին ընթացքին քննուած է Քալիֆորնիոյ հայ համայնքի կեանքին առնչուող հարցեր եւ լուսարձակի տակ առնուած է հայ համայնքին ունեցած կարեւոր ներդրումը՝ նահանգի զարգացման աշխատանքներուն մէջ:
Իր հերթին, Փերեզ շնորհակալութիւն յայտնած է հայոց հոգեւոր կեդրոնին մէջ պատուիրակութեան ցուցաբերուած ջերմ ընդունելութեան համար: Ան նաեւ անդրադարձած է այցելութեան նպատակին եւ Հայ եկեղեցւոյ դերակատարութեան:
Նոյն օրը, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, Երեւանի մօտ ԼՂՀ մշտական ներկայացուցչութեան մէջ հանդիպում մը ունեցած է Փերեզի եւ անոր պատուիրակութեան անդամներուն հետ: Հանդիպման ընթացքին քննուած են Քալիֆորնիոյ եւ Արցախի միջեւ կապերը ընդարձակելու եւ խորացնելու կարելիութիւնները:
Երկուստեք նշուած է, թէ Արցախի եւ Քալիֆորնիոյ միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման դրական ազդեցութիւնները ակնյայտ են՝ զանոնք նկատելով յուսալի հիմքեր, որոնց վրայ պիտի կառուցուի ապագայի առաւել սերտ յարաբերութիւնը:
Հանդիպման ներկայ եղած են Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ գլ-խաւոր հիւպատոս Սերգէյ Սարկիսով, Միացեալ Նահանգներու մօտ Արցախի մշտական ներկայացուցիչ Ռոբերտ Աւետիսեան, Լոս Անճելըս գաւառի ոստիկանապետի տեղակալ Թեւան Առուստամեան, Լոս Անճելըսի մօտ ՀՀ նախկին գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեան եւ այլ պաշտօնատարներ: