ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Ամէն մարդ ազատութիւնը ունի իր կարծիքը կամ տեսակէտը յայտնելու: Հաւաքական կեանքի ու ընկերային առողջ մօտեցումի նախապայմանը կարծիքներու փոխանակումն է, որ հաւաքականութեան կեանքը արդարութեամբ կառավարելու գլխաւոր միջոցն է: Հոն ուր չկայ կարծիքներու փոխանակում, այնտեղ կը սկսի բռնատիրութիւն, եւ մարդ արարածի նկատմամբ յարգանքի պակաս:
Համագումարներու թէ ժողովական նիստերու ժամանակ, առհասարակ այդ նիստերու բացման ընթացքին տրուած բանախօսութենէն ետք, կամ՝ ժողովներու ընթացքին զրուցավարներու թէ ատենապետներու կողմէ արտասանուած գլխաւոր խօսքէն ետք առիթ կը տրուի իւրաքանչիւր մասնակիցի իր տեսակէտը արտայայտելու արծարծուած հարցին գծով:
Ոմանք այնքան կը պնդեն իրենց տեսակէտին վրայ, որ առիթ չեն տար ուրիշներուն արտայայտուելու եւ կը փորձեն համոզկեր խօսքերով այլ ժողովականներու համամտութիւնը շահիլ: Երբեմն զրուցավարներ հազիւ կրնան զսպել ենթական, բացատրելով անոր, թէ միտքերու փոխանակման պահը, տեսակէտ պարտադրելու համար չէ՛ եղած, այլ՝ հարցադրումներու ճամբով ճշմարտութիւնը կամ ուղիղը գտնելու եւ ըստ այնմ կողմնորոշուելու:
Տեսնուած է նաեւ, որ ոմանք երբ չեն յաջողած իրենց տեսակէտը պարտադրել, ու մանաւանդ երբ զրուցավարին կամ ատենապետին կողմէ լռեցուած են, ուրիշներու ալ խօսելու առիթ տալու համար, թողած են ժողովասրահը կամ համագումարի վայրը ու բարկացած դուրս եկած հոնկէ: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ իրենց տեսակէտը չկարողացան պարտադրել, կամ՝ իրենց հայեցակէտով, իրենց արտայայտած կարծիքը չյարգուեցաւ ներկաներուն կողմէ:
Համագումարներու կամ ժողովական նիստերու ժողովրդավար ու փոխզիջողական ոգիին անտեղեակ տգէտներ են ասոնք պարզապէս: Նման անձեր ժողովասրահէն ներս մտած պահուն իսկ չեն գիտեր թէ ո՞ւր եկած են, կամ ինչո՞ւ: Իրենց տեսակէտին կամ կարծիքին շուրջ համոզում գոյացուցած, անոնք կը սպասեն որ ամէն մարդ համաձայնութիւն յայտնէ իրենց ըսածին: Բռնատիրական համակարգերու կամ իր կանոնագրութենէն դուրս՝ գաղ-տնի որոշումներով առաջնորդուող փակ կազմակերպութիւններու ժողովներուն ընթացքին, յանկարծ բոլոր ժողովականներուն համաձայնութեան գալը արտայայտուած մէկ տեսակէտի շուրջ, անշուշտ ունի իր նախապատրաստական աշխատանքը, որ ներկայ ժողովականներուն մեծամասնութեան նախապէս բացատրուած կ՛ըլլայ արդէն:
Տեսնուած են նաեւ կարծիքներու փոխանակման ընթացքին իսկ ի յայտ եկող բախումի անխուսափելի տեսարաններ, որոնք անհանդուրժողութեան հետեւանքով յառաջ կու գան, երբեմն շատ յարգուած ժողովականներու միջեւ: Ժողովական կանոնագրութիւնները, նման պարագաներու փրկարար ու միջնորդի դեր կը կատարեն, հակամարտող անձերու սահմանները գծելով: Վիրաւորական արտայայտութիւններ, անարգական խօսքեր, մինչեւ իսկ հայհոյութիւններ ու բռունցքի հարուածներ տալու դէպքեր պատահած են, պարզապէս տեսակէտ կամ կարծիք պարտադրելու ընթացքին:
Իր տեսակէտը ժողովական նիստի ընթացքին, կամ՝ ա՛յլ առիթով փոխանցող անձը, այդ տեսակէտին մասին մտածած ըլլալէ առաջ, պէ՛տք է գիտակցի, որ ատիկա պարզապէս ի՛ր կարծիքն է: Այս գիտակցութիւնը պէտք է մղէ անդրադառնալու, որ իրեն նման ուրիշներ ալ կրնան կարծիք արտայայտել ու տեսակէտ ունենալ, եւ ինք ալ պարտաւոր է ուրիշներո՛ւն տեսակէտները լսել ու կարծիքները իմանալ, յարգելով ուրիշներու միտքի ազատութիւնը:
Արուեստի բոլոր բնագաւառներուն համար ալ նոյնն է պարագան: Մանաւանդ արուեստը ճաշակի ու ոճի խնդիր ըլլալուն, քննադատական տարբեր մօտեցումներու կրնայ արժանանալ: Բանիմաց թէ պատահական քննադատներէն ոմանք արուեստի տուեալ գործին մէջէն որոշ բաժին ուշադրութեան առարկայ կը դարձնեն, ու այդ մասին վրայ կեդրոնանալով, իրենց տեսակէտը կը յայտնեն աշխատանքին առնչութեամբ: Ուրիշներ ընդհանրութեան մէջ կը դիտեն գործը եւ ըստ այնմ կ՛արժեւորեն: Ահա տարբեր մօտեցումներ նոյն գործին նկատմամբ եւ, բնականաբար, տարբեր եզրակացութիւններ անոր արժէքին մասին:
Համեստութիւնը կը յաղթանակէ կարծիք յայտնելու պարագային: Տեսակէտը կամ կարծիքը յայտնելու կերպը, մօտեցումը, անոր հետ միատեղ տրուած բացատրութիւնները, անոր մասին հիմնաւորուած փաստերը եւ մանաւանդ անոր հետեւող առաջարկները շա՜տ մեծ դերակատարութիւն կ՛ունենան զայն լսողները համոզելու գործընթացին մէջ: Որովհետեւ ժողովասրահ մտնողներէն շատե՜ր կրնան կարծիք չունենալ եւ այդ պահո՛ւն գուցէ որոշում կայացնեն արծարծուած հարցին համար: Ուստի, սեփական կարծիքը ատենախօսութեամբ համապարփակ ներկայացնողը, մանաւանդ երբ այդ կարծիքը կ՛արտայայտուի համեստութեամբ ու պարտադրումի շեշտաւորումէ հեռու, այն ատեն վստահաբար համախոհութեան գետին պիտի շահի եւ համաձայնեցնէ շատերուն միտքը:
Երբեմն մարդ կրնայ հանդիպիլ ընդդիմութեան՝ իր արծարծած տեսակէտին դէմ հակաճառողներու, որոնք կրնան բոլոր ներկաներու կարծիքները համատեղել, արծարծուած այդ տեսակէտին դէմ… Սա կրնայ թէ՛ կազմակերպուած բնոյթ ունենալ, եւ թէ պատահական զարգացումներով նուաճուիլ: Դարձեալ, այս պարագային կարեւոր են ներկայացնողին խօսքի ճարտարութիւնը, միտքը բացատրելու համար օգտագործուած բառամթերքը, ոճի յստակութիւնը եւ ցուցաբերած անկեղծութիւնը:
– «Ինչքան մարդիկ, այդքան կարծիք», կ՛ըսէին հիները: Այսօր բան չէ՛ փոխուած այդ հին ժամանակներէն, կարծիք արտայայտելու առումով: Թերեւս միայն կիներու եւ նորահարսերու անկարեւոր կարծիքները, այսօր իմաստ ստացած են ընտանեկան թէ ընկերային կեանքի մէջ: Որովհետեւ անցեալին ո՛չ անոնց կարծիքը հարցնող կ՛ըլլար, ո՛չ ալ ատոնց կարեւորութիւն ընծայող: Ուրեմն «ինչքան մարդիկ այդքան կարծիք» խօսքը ո՛չ միայն կը շարունակէ ճշմարտութիւն մնալ, այլ յաւելում ալ արձանագրած է, որովհետեւ իգական սեռի կարծիքն ալ աւելցած է ատոր վրայ: Ուրեմն կարծիքները շատցած են ներկայիս…
Կարծիք յայտնելու պահուն, մարդ պէտք է գիտակցի, թէ բացարձակ ճշմարտութիւնը միայն Աստուծոյ մօտ կը գտնուի: Մարդկային տեսակէտներն ու կարծիքները միշտ ժամանակաւոր ու պայմանական բնոյթ կը կրեն եւ ոչ թէ յաւիտենական ճշմարտութիւններ կը յայտնեն: Սակայն, ոմանք տուեալ կացութեան մասին իրենց տեսակէտներն ու կարծիքները յայտնելով ու մեկնաբանութիւններ ներկայացնելով, աստուածաշնչական ճշմարտութիւններէ աւելի յարգանք կը սպասեն ատոնց նկատմամբ եւ կը դժգոհին երբ համապատասխան վերաբերում չեն գտներ…
Հեղինակաւոր շեշտադրումով երբ մարդ կարծիք կը յայտնէ, այնպէս կը խորհի, թէ բացարձակ ճշմարտութիւնը դուրս եկաւ իր մտքէն: Ան չի՛ կրնար անդրադառնալ, որ ատիկա պարզապէս ի՛ր կարծիքն է, իր սահմանափակ խելապատիկէն դուրս եկած: Նման անձերուն մտերմաբար պէտք է ըսել.
_ Բարեկա՛մ, արտայայտած այդ կարծիքդ քեզի՛ համար հոյակապ կը թուայ, առաջարկած լուծումներդ այդ կարծիքիդ շուրջը հիւսուած, քեզի՛ համար միայն տրամաբանական կը թուան, իսկ տուած բացատրութիւններդ, քեզի՛ համար միայն համոզիչ ու ընդունելի կ՛ըլլան, որովհետեւ այդ արտայայտած կարծիքդ՝ քո՛ւ կարծիքդ է: Պէտք է լսես նաեւ ուրիշներո՛ւն կարծիքը, մանաւանդ քո՛ւ կարծիքիդ մասին: