ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ազգային ինքնորոշում միաւորման առաջնորդ, Հայաստանի նախագահական նախկին թեկնածու Պարոյր Հայրիկեանի մահափորձի գործով մեղադրեալ, Հայաստանի նախագահական նախկին թեկնածու, դիւցազնագէտ Վարդան Սեդրակեանը դատապարտուեցաւ 14 տարուան բանտարկութեան։ Անոր կալանաւորման ժամկէտը նկատի պիտի առնուի 7 Փետրուար 2013էն: Ամբաստանեալներ Խաչիկ Պօղոսեանն ու Սամուէլ Յարութիւնեանը դատապարտուեցան համապատասխանաբար 14 եւ 12 տարուան բանտարկութեան: Դատախազ Արամ Ամիրզադեանը առաջարկած էր Վարդան Սեդրակեանը դատապարտել 12, Սամուէլ Յարութիւնեանը՝ 13, իսկ Խաչիկ Պօղոսեանը՝ 14 տարի բանտարկութեան: Կենտրոն եւ Նորք Մարաշ վարչական շրջաններու ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին մէջ Պարոյր Հայրիկեանի դէմ մահափորձի գործով դատական նիստերուն ընթացքին դատարանը լսած է վկաներուն եւ տուժող Պարոյր Հայրիկեանին: Վկայութիւն տուած են նաեւ Հայրիկեանի ընտանիքի անդամները, դրացիները ու մեղադրեալներուն հարազատները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.