Արդէն երկու շաբաթէ ի վեր Վրաստանի մէջ սկսած է նոր ուսումնական տարին, սակայն հայկական դպրոցներու աշակերտները տակաւին կը սպասեն հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասագիրքերուն:
Վրաստանի հայկական դպրոցները ամէն տարի հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասագիրքեր կը ստանան Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութենէն:
Ճշդելու համար, թէ ինչո՞ւ մինչեւ օրս դպրոցները մայրենի լեզուի եւ գրականութեան դասագիրքեր չեն ստացած, «Հարաւային Դարպաս»ը կապ հաստատած է գրականութեան եւ կրթութեան նախարարութեան հետ:
«Գիտէք, ինչքան բարդ գործ է Վրաստան գիրք ուղարկելը, սովորաբար դասագրքերի առաքումը բաւականին մեծ աշխատանք է պահանջում: Նախ պէտք է գրքերը ձեռք բերուեն, որպէսզի նոր սկսենք բանակցութիւնները Վրաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան հետ: Պաշտօնական նամակ ենք ուղարկում եւ թոյլտուութիւնից յետոյ անմիջապէս կազմակերպում ենք գրքերի առաքումը æաւախք: Համաձայնուեցւում է երկու պետութիւնների կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնների միջեւ, որպէսզի մէկ շաբաթ սահմանը բաց լինի, որպէսզի կարողանանք անարգել դասագրքերը անցկացնել: Արդէն 10 օր է՝ նամակը առաքուած է Վրաստան եւ սպասում ենք պատասխանի», «Հարաւային Դարպաս»ին յայտնած է կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան աշխատակազմի արտաքին կապերու վարչութեան Սփիւռքի բաժնի պետ Նունէ Վարդանեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.