ՎԵՐՋԻՆ ՕԾՈՒՄ ՍԿԻՒՏԱՐԻ ՄԷՋ

Իսթանպուլահայութիւնը, եւ մասնաւորաբար համայն Հայաստանեայց եկեղեցին այսօր կ՛ապրի սուգի ծանր օր։ Սա պահուն, երբ այս տողերը գրի կ՛առնուին, մեր պատմական Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ դէպի իր վերջին հանգիստը կ՛ուղարկուի մեր բոլորին սիրելի հոգեւորականը՝ Շահան արք. Սվաճեանը։
Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցին անոր ամէնէն շատ սիրած եկեղեցիներէն մէկն էր որպէս իր ծննդավայրին եկեղեցին, որպէս եկեղեցի մը, ուր ան իր հոգեւոր կեանքին գրեթէ բոլոր տարիները անցուցած էր անպայման պատարագներ մատուցանելով այդ եկեղեցւոյ մէջ։ Իսկ հիմա սրբազանին անշնչացած մարմինը կը հանգչէր այլեւս այն Սուրբ Սեղանին առջեւ, որուն վրայ անհամար անգամներ գոհութիւն մատուցած էր Աստուծոյ։
Ինչպէս կը սպասուէր, խուռներամ բազմութիւն մը լեցուցած էր եկեղեցին։ Եշիլգիւղէն, Պաքըրգիւղէն ու Ֆէրիգիւղէն մասնաւոր հանրաշարժերով հաւատացեալներ եկած էին Սկիւտար։ Կը հանդիսապետէր պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան, որուն քով էր ամբողջ մեր եկեղեցական դասը։ Կը պատարագէր Գերմանիոյ Հայոց առաջնորդ Գարեգին արք. Պէքճեան, որ այս առթիւ քաղաքս ժամանած էր։ Ներկայ էր նաեւ Մայր աթոռէն որպէս վեհափառ հայրապետին ներկայացուցիչ Նաթան եպս. Յովհաննիսեան։ Բաց դագաղին քով կանգնած՝ սաղմոս կը քաղէին Գէորգ քհնյ. Չընարեան, Սարգիս քհնյ. Գույումճեան, Զաքար քհնյ. Գոփարեան եւ Անդրէաս Ա. քհնյ. Յակոբեան։ Երգեցողութիւնները կը կատարուէին երաժիշտ Էտվին Կալիպօղլուի ղեկավարութեամբ Ֆէրիգիւղի, Եշիլգիւղի ու Պաքըրգիւղի երգչախումբերէն կազմուած միացեալ երգչախումբի մը կողմէ։ Որքան որ կարելի էր տեսնել խուռներամ բազմութեան մէջ, ներկայ էին արտասահմանէն հայր Աբգար, հայր Վազգէն Հարոյեան, ներսէն՝ յունաց պատրիարքարանէն երկու ներկայացուցիչ, ասորիներու ներկայացուցիչներ, հրէից խախամապետը, ասորիներու եպիսկոպոս Եուսուֆ Չէթին եւ ուրիշ հոգեւորականներ։ Առաջին կարգի վրայ որպէս սգաւոր կանգնած էին Շիշլիի քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլ եւ փոխքաղաքապետ Վազգէն Պարըն։ Համայնքային գրեթէ բոլոր մարմիններու ղեկավարներն ու ներկայացուցիչները հոն էին։
Ժամը 11:30ին սկսաւ վերջին օծման արարողութիւնը։ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ սրբազան սկսաւ մի առ մի օծել վախճանեալ սրբազանին ճակատը, ձեռքերը, մինչ Բեմին վրայ օծման արարողութեան վրայ կը հսկէր պատարագիչ Պէքճեան սրբազան։ Այնուհետեւ ամբողջ եկեղեցական դասը տողանցեց դագաղին առջեւէն եւ վերջին համբոյր տուաւ վախճանեալ սիրելի սրբազան հօր։ Այնուհետեւ Արամ սրբազան քարոզեց եւ ըրաւ իր դամբանախօսութիւնը։ Ժամը 12.00ին Մայր աթոռէն ժամանած Նաթան եպս. Յովհաննիսեան կարդաց վեհափառ հայրապետին ցաւակցական կոնդակը։ Այսպէս էր որ Շահան սրբազան հրաժեշտ կ՛առնէր իր այնքան սիրած եկեղեցիէն եւ իր այնքան սիրած ժողովուրդէն։ Խուռներամ բազմութիւն մըն ալ, ինչպէս հոգեւորականները, իր վերջին ողջոյնն ու համբոյրը կը ղրկէր վախճանեալ սիրելի սրբազանին։
Վստահաբար կրնանք ըսել, որ երկնքի հրեշտակներն ալ իրենց ձայնը կը միացնէին երգչախումբի տխուր երգեցողութեան։
«ՄԱՐՄԱՐԱ»