ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տարեդարձը՝ Սեպտեմբեր 21ը ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանէն ներս այս տարի նշուեցաւ Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 20ին: Դպրոցաշէնքերը առտու կանուխ արդէն զարդարուած էին Եռագոյն դրօշակներով: Կը հնչէր հայ երգն ու երաժշտութիւնը, երբ աշակերտները մուտք կը գործէին դպրոց:
Արտեմիս Նազարեան ծաղկոցը, Մարի Մանուկեան նախակրթարանը եւ Տեմիրճեան երկրորդականը տարբեր ժամերու, տարբեր ծրագիրներով, ամբողջ օրը խճողած պահեցին դպրոցին սրահներն ու շրջափակը: Ծնողա-ուսուցչական մարմինը (PTO) դպրոցի բակին մէջ կազմակերպած էր տօնավաճառ, ուր ազգային զարդեղէններու, յուշանուէրներու եւ կտաւներու կողքին կային անուշահամ կերակուրներ, պատառներ: Իսկ նախակրթարանի ծնողներէ կազմուած «Հայ Ոգի» յանձնախումբը ոչ միայն զարդարած էր դպրոցը ազգային գոյներով, այլ նաեւ կը գծէին աշակերտներուն դէմքերը ազգային երանգներով: Աւանդական դհոլ-զուռնան նոյնպէս «Հայ Ոգի»ին նախաձեռնութիւնն էր, որ հասաւ ամէն տեղ:
Ծաղկոցի աշակերտներուն համար անակնկալ եղաւ նաեւ իրենց ուսուցչուհիներէն, մեր վարժարանէն շրջանաւարտ Թինա Սագալեանին մենապարը, իսկ հայերէնի ուսուցչուհիներէն Լենա Արսլանեան մեր ամենափոքրիկներուն փոխանցեց անկախութեան խորհուրդը, իրենց լեզուով, համով-հոտով: Շնորհակալութիւն նաեւ հայերէնի երկրորդ ուսուցչուհիին՝ Քնար Պօղոսեանին:
Նախակրթարանը ունեցաւ իր հանդիսութիւնը, որ ճոխ էր եւ բովանդակալից՝ երգով ու պարով, արտասանութիւններով, նշանաւոր ու աշխարհահռչակ հայերու պատկերներով, ինչպէս նաեւ շրջանաւարտ դասարանի Հայաստան կատարած այցելութեան տեսանիւթով ու տպաւորութիւններով: Հայաստան այցելած, հոն ծնած, հոն մկրտուած աշակերտներ բեմին վրայ կանգնած պատասխանեցին իրենց ուղղուած հարցումներուն Հայաստանի մասին: Հանդիսութեան աւարտին դհոլ- զուռնայի երաժշտութեան ներքոյ աշակերտութիւնը ուղղուեցաւ դէպի դպրոցի բակը, ուր բոլորը միասնաբար պարեցին հայկական շուրջպար: Շնորհակալութիւն հայերէնի ուսուցչուհիներուն՝ Մարալ Ոսկեանին, Թագուշ Նալպանտեանին, Սեւան Տէր Պետրոսեանին եւ Զեփիւռ Տէմիրճեանին, ինչպէս նաեւ երգի ուսուցչուհի Արուս Անդրէասեանին:
Միջնակարգ-Երկրորդական բաժինը նոյնպէս հանդէս եկաւ ճոխ յայտագիրով: Երգ՝ խումբ մը աշակերտներ, մեներգ՝ Մելընի Պէսնիլեան, ջութակ՝ Վայք Ոսկեան, դաշնամուր՝ Նարեկ Հալաճեան, խմբային պար՝ 10րդ դասարանի աղջիկներ, ասմունք եւ հանդիսավարութիւն՝ Ալինա Սորֆազեան եւ Լորի Փաթաթեան: Աշակերտները դիտեցին 11րդ եւ 12րդ դասարաններու Հայաստան կատարած այցելութիւններուն մասին տեսանիւթերը, լսեցին տպաւորութիւններ: Հայաստանի անկախութեան մասին պատմող վիտէօն ուսուցողական էր, իսկ օրուան հիւր՝ աշխարհի ախոյեան, բռնցքամարտիկ Վիք Դարչինեանի ժամանումը մեծապէս խանդավառեց ներկայ աշակերտութիւնը: Շնորհակալութիւն հայերէնի ուսուցիչներ Աննա Եարալեանին, Ռոզալին Մատոյեանին, ինչպէս նաեւ Յովհաննէս Գումրուեանին:
Կէսօրէն ետք, Միջնակարգի եւ Երկրորդականի աշակերտներէն 19 զոյգ մասնակցեցաւ Dance-a-thon պարի մրցոյթին, վարժարանի Նազարեան մարզասրահին մէջ: Առաջին եւ երկրորդ հանդիսացող զոյգերը բախտաւորուեցան նուէրներով: Աշակերտները իրենց նուիրատուութիւններով մեկնարկեցին այս տարուան թելեթոնի հանգանակութիւնը դպ-րոցէն ներս:
Նոյն օրը երեկոյեան, PTO-ին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան նուիրուած տօնակատարութիւն: Աւելի քան 600 հոգի խճողած էին դպրոցին բակը, ուր ստեղծուած էր հայաբոյր մթնոլորտ: Հանդիսավարներն էին աշակերտները. Ալինա Սորֆազեան, Լորի Փաթաթեան եւ Վահէ Թիրաքեան: Խօսք առաւ նաեւ PTOի ատենապետուհի Նոնա Տանիսըն: Հիւր երգիչները՝ Նորօ եւ Mister X, ինչպէս նաեւ կատակաբան Ստեփան Յովակիմեան խանդավառեցին ներկաները, որ շարունակուեցաւ Տի.Ճէյ.ին կողմէ:
Համադամ ազգային կերակրատեսակները, ընտանեկան ջերմ մթնոլորտը եւ երգ-երաժշտութիւնը ստեղծած էին փոքրիկ Հայաստան մը Սան Ֆերնանտօ Հովիտի մէջ:
Անկախութեան 22րդ տարեդարձի տօնակատարութիւնները եկան անգամ մը եւս ապացուցելու մեր ժողովուրդին յաւերժականութիւնը: Շնորհակալութիւն ծնողներ եւ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի մեծ ընտանիք: